ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՊԱՏԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄԵՐ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այ­ցե­լեց Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թիւն։ Ան ըն­դու­նուե­ցաւ կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի կող­մէ։ Շուրջ կէս ժամ տե­ւեց այս զրոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին Շա­հին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Շի­րի­նօղ­լուն։ Նա­խա­պէս ար­դէն յայտ­նի էր, որ այս ժա­մադ­րու­թիւ­նը տրուած էր՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու քննարկ­ման հա­մար։ Ուս­տի, զրոյ­ցի օ­րա­կար­գը յայտ­նի էր, իսկ բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին մե­զի յայտ­նեց հե­տե­ւեա­լը.

«Պա­րոն կու­սա­կա­լի ան­ձին մէջ նախ մեր խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­ցինք պե­տա­կան պատ­կան մար­մին­նե­րուն, ո­րոնք մեր հա­մայն­քի սպա­սում­ներն ու փա­փաք­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով, բա­րեա­ցա­կա­մու­թեամբ աշ­խա­տանք կը տա­նին պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդրին վրայ։ Պա­րոն կու­սա­կա­լին կող­մէ մե­զի փո­խան­ցը-ւած պատ­գամ­նե­րը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ամ­բողջ մը կը կազ­մեն ան­ցեալ շա­բաթ Ար­տա­քին գոր­քոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ մե­զի ըսուած­նե­րուն հետ։ Այ­սինքն, պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօ­տե­ցու­մը զար­գա­ցած է՝ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նը որ­պէս տե­ղա­պահ ճանչ­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Մեր նկա­տառ­ման այս փու­լին յստա­կօ­րէն կը յանձ­նուի, որ պե­տու­թիւ­նը կ­՚ա­ջակ­ցի ո՛չ թէ ան­ձե­րու, այլ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու։ Ներ­կայ վի­ճա­կին մէջ մենք կրնանք յու­սադ­րուիլ, թէ նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­­րու­թեան շու­տով պի­տի կա­րե­նանք ձեռ­նար­կել, պատրաս­տա­կա­մու­թիւն մը զգա­լի է՝ հա­մա­պա­տաս­խան ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու տրուե­լուն ուղ­ղու­թեամբ։ Յա­մե­նայն­դէպս, դրական վե­րա­բեր­մուն­քով հան­դերձ, վեր­ջին օ­րե­րու մեր շփում­նե­րէն կը հե­տեւց­նենք, թէ գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ ամ­բող­ջա­կան ու վերջ­նա­կան պատ­կե­րա­ցում մը չէ ձե­ւա­ւո­րուած նաեւ պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն մօտ։ Կը կար­ծեմ, թէ ա­մէն ինչ կը յստա­կա­նայ աս­տի­ճա­նա­բար։ Պա­րոն կու­սա­կա­լէն հրա­ժեշտ ա­ռինք՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով իր կող­մէ մե­զի յատ­կա­ցուած սուղ ժա­մա­նա­կին հա­մար»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017