ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Գալֆաեան Տան ի նպաստ երէկ տեղի ունեցաւ կանանց կէսօրուան ճաշկերոյթ մը, որ կազմակերպուած էր տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։ Վարժարանի ննջարանի համալիրի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան զանազան թաղերէ համակիրներ։ Բացօթեայ ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ սեղաններու շուրջ անմիջական մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։ Ներկաներու շարքին էին Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Տիրամայր Մարի Մութաֆեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ այլք։

Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ճաշկերոյթին զուգահեռ՝ հաստատութեան ի նպաստ բացուած էին նաեւ քէրմէսի տաղաւարներ։ Տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Ճաշկերոյթի տեւողութեան երաժշտական յայտագիր գործադրուեցաւ Հայքօ Կիւզելքեչեճեանի կողմէ։

Երէկուան ճաշկերոյթը կազմակերպած Գալֆաեան Տան տիկնանց յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.

Թագուհի Կիւլ, Պայծառ Փուլատեան, Արաքսի Թիւլէք, Լուսին Օսկար, Ռիթա Էօզքայա, Քրիստին Տանաճեան, Մելինէ Այքաչ, Լուիզ Ճանօղլու, Լիտիա Էպէօղլու, Առլէթ Էհմալօղլու, Թանիա Ապանալեան, Սոնա Քիւրքճիւօղլու, Սանտրին Քաջի, Ժանէթ Չոփուրօղլու, Թալին Խաչատուրօղլու եւ Մարալ Քեպապճը։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2019