ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 560-ԱՄԵԱԿԸ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 560-ամեակը։ Ինչպէս ծանօթ է, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին կը նշուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այս տարի եւս այս աւանդութիւնը շարունակուեցաւ եւ Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին Պատրիարքարանի տարեդարձը նշուեցաւ աւանդական ձեւով։ Նկատի ունենալով քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները՝ Պատրիարքական Աթոռի տարեդարձի արարողութիւններուն հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու հնարաւորութիւն չունեցաւ, սակայն, այդ ստիպողութիւնը որեւէ ձեւով բաւարար չեղաւ ստուեր ածելու տարեդարձի կարեւորութեան եւ առթած ուրախութեան վրայ։ 

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթ յետմիջօրէին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով եկեղեցի առաջնորդուեցաւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը Աթոռի տարեդարձին առթիւ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին կանգ առաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դարերու հոլովոյթին մէջ ծաւալած գործունէութեան եւ առաքելութեան արժեւորման վրայ։ 

Ի նշանաւորումն տարեդարձի՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան աւարտին լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանին, որ մեր հոգեւորականաց դասու ամենանոր ձեռնադրուած անդամն է։

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ալ նախագահեց Պատրիարքարանի մէջ Հոգեգալստեան առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Առանձնապէս ուրախառիթ էր, որ Ս. Պատարագը մատոյց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ հակառակ այս շրջանին դիմագրաւած առողջական խնդիրներուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021