ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔԱԼԱՆԹԱՐԻ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը, որու հեղինակն է Վարդուհի Քալանթար։ «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութիւնով ներկայացուած են իսկապէս հետաքրքրական ու պատմական նշանակութեամբ վկայութիւններ։ Վարդուհի Քալանթարի այս գործը ունի Օսմանեան շրջանին կնոջ մը կողմէ գրի առնուած բանտէ առաջին վկայութիւններ ըլլալու առանձնայատկութիւնը։ Հեղինակը՝ Վարդուհի Քալանթար համալսարանական ուսման համար կը գտնուէր Լոզանի մէջ, ուրկէ ընտանիքին ղրկած նամակներու պատրուակումով ձերբակալուած էր 1915 թուականին։ Վարդուհի Քալանթար եւ իր ծնողները դատուած էին այդ շրջանի Պատերազմական ատեանին կողմէ։ Տակաւին 20 տարեկան հասակին ան բանտարկուած էր՝ Իսթանպուլի կեդրոնական բանտին մէջ։ Վարդուհի Քալանթարի յուշագրութիւնները այսօր յետադարձ հայեացքով կ՚ապացուցանեն, որ կարելի է դիմադրել նոյնիսկ ամենադժուարին պայմաններու ներքեւ։ «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութիւնը հրատարակուած է 1921-22 թուականներուն նոյն շրջանի հեղինակաւոր ու յայտնի անուններէն Հայկանոյշ Մառքի «Հայ կին» պարբերաթերթին մէջ։ Հեղինակը սուր ուշադրութեամբ դիտարկած է մէկ կողմէ բանտապահները, իսկ միւս կողմէ քիւրտ, պարսիկ, արաբ կամ այլ ազգերէ գաղթական բանտարկեալները՝ մարդաբանական գրուածքի մը նման բոլոր գոյներով։ Արդիւնքին ան յաջողած է ներկայացնել Օսմանեան շրջանի բանտի մը զանազան երեսակները։

Վարդուհի Քալանթար, որ 1895 թուականին Պուրսայի մէջ ծնած ըլլալով 1908 թուականին ընտանիքին հետ հաստատուած էր Պոլիս, Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն ներս կատարելագործած էր բարձրագոյն ուսումը։ 1922 թուականին գաղթած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ամուսնացած էր Զաւէն Նալպանտեանի հետ։ Այր ու կին այնտեղ ալ շարունակած էին գրական արտադրանքը։ Վարդուհի Քալանթար 1978 թուականին մահացած էր Ուաշինկթընի մէջ։

«Արաս»ի հրատարակած այս գիրքը վստահաբար գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022