ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2016-2017 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ
Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած փայլուն հանդիսութիւնով մը Կեդրոնականի ընտանիքը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին շրջանաւարտները արտասովոր զգացումներով համակուած էին՝ կեանքի նոր հանգրուանի մը ընդառաջ։
Երեկոյթին ներկայ էին՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Հայր Վարդան Գազանճեան, մեր վարժարաններէն տնօրէններ, համայնքային բարերարներ, Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող մանկավարժ Յակոբ Չոլաքեան, Կեդրոնականի ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները, նաեւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Պատրիարքարանի իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններուն բերումով դժբախտաբար ներկայ չկրցաւ ըլլալ հաւաքոյթին, սակայն նկարահանման պահուն միացաւ շրջանաւարտներուն։
Յայտագրի սկիզբին Սիրեմ Արթուչ եւ Արես Չեքեմ ներկայացուցին Թուրքիոյ տարածքի երբեմնի հայկական վարժարանները եւ այդ ցանցի կարեւոր առաքելութիւնը։ Շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցան՝ Մասիս Թաշը, Լավինիա Ինկիլիզօղլու եւ Հերա Տիքմէ։ Շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորական խօսքեր ըրին Զեքիեան Գերապայծառ եւ Սիլվա Գույումճեան։
Մասիս Թաշը, Նարօտ Ակօշեան, Նարեկ Պոյնուքալըն, Սիրեմ Արթուչ եւ Սելին Ալթունքարա հանդէս եկան հայերէն երգերով։
Ծափահարութիւններու ներքեւ շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները, պարգեւներն ու յուշանուէրները։ Աւելի վերջ, Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին տղաքը հատեցին իրենց համար պատրաստը-ւած կարկանդակը։ Բոլոր ներկաները անոնց յաջողութիւն մաղթեցին ապագայ կեանքի համար։