ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսի ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, ուսուցչական կազմը, Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր։ Դպրոցը այս տարի ունի 35 շրջանաւարտ, որոնք սրահ մուտք գործեցին հանդիսաւորապէս։ Այս առթիւ մուտքասրահին մէջ բացուած էր ցուցահանդէս մը՝ Վանեսա Չէօմլէքճիի գործերով։ Ան խրախուսուած էր գծագրութեան ուսուցչուհի Մաքրուհի Քեչիեոլուի կողմէ։

Շրջանաւարտութեան հանդէսի յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ՝ Մարթա Նորա Կէօրիւրի եւ Հրակ Չաքմաքճըի։ Աշակերտները խմբերգներ ներկայացուցին՝ Նորա Իփեքճիի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Խմբավարն էր Մուրատ Իչլինալչա։ Ուսուցչուհիներ Երանուհի Պալճը եւ Անիլտա Մենեքշէ արտասանեցին շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսք մը։ Ծափահարութիւններու մթնոլորտի մը մէջ տղաքը ստացան իրենց յուշանուէրներն ու պարգեւները։ Ծնողներուն անունով խօսք առին Լինտա Քոյունճու եւ Գարօլին Այանեան։ Շրջանաւարտներէն Երազ Այսելի, Արտա Թորոսօղլու եւ Նորա Իփեքճի թարգման հանդիսացան իրենց դասընկերներու զգացումներուն։ Արամ Կոստանեանի հսկողութեան ներքեւ տղաքը ներկայացուցին նաեւ թատերակներ։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամն ալ արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։

Բացի դպրոցին մէջ տեղի ունեցած հանդէսէն, Պաքըրգիւղի ընտանիքը Տատեանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար մասնաւոր ընթրիք մըն ալ կազմակերպեց պանդոկի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019