ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՆՄՈՅՇ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու Էրօլ Սարաֆեանը։

Համայնքիս նշանաւոր արուեստագէտներէն Էրօլ Սարաֆեան, վերջերս պատրաստած էր Նորին Ամենապատուութեան գեղեցիկ մեծադիր իւղանկարը։ Սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ՝ հիւրերը Պատրիարք Հօր յանձնեցին այս մեծադիր իւղանկարը, շնորհաւորելով Նորին Ամենապատուութեան գահակալութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Էրօլ Սարաֆեան երբեմնի պատրիարքներու եւս դիմանկարները գծագրած է եւ այս վերջին աշխատութիւնը, օղակ մը եւս կ՚աւելցնէ անցեալի գեղարուեստական գործունէութեանց։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան կապակցութեամբ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն անակնկալին համար։ Էրօլ Սարաֆեան արդէն իսկ իր գեղարուեստական որակով նշանաւոր դարձած է Պոլսոյ մէջ եւ իր գործունէութիւնը միշտ գնահատուած՝ համայնքէն ներս։ Պատրիարք Հայրը իրեն մաղթեց բազմաբեղուն գործունէութիւն եւ նորանոր նուաճումներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020