«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

«Արաս» հրատարակչութիւնը կը շարունակէ մշտական ուշադրութեան առարկայ դարձնել մեծանուն գրող Զաւէն Պիպեռեանի հարուստ ժառանգութիւնը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս»ի կողմէ վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է Պիպեռեանի երկու նոր գիրքը։ Անոնցմէ մին նշանաւոր «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպն է, որ բացառիկ նշանակութիւն ունի Զաւէն Պիպեռեանի թողած աւանդի ամբողջին մէջ։ 1970 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մէջ որպէս թերթօն առաջին անգամ հրատարակուած այս վէպը յաջորդող տասնամեակներուն գիրքի ձեւաչափով քանիցս հրատարակուած է։ «Արաս» նախապէս այս վէպի հայերէնը հրատարակելու առընթեր լոյս ընծայած էր նաեւ թրքերէն թարգմանութիւնը։ Ներկայ գիրքը պատրաստուած է ուղղակի թերթօնային բնագրի հիման վրայ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ յառաջաբան մըն ալ գրի առած է վէպին համար։ Որպէս յաւելուած տեղադրուած է Զաւէն Պիպեռեանի՝ Հրանդ Բալուեանի ուղղեալ ինքնակենսագրական նամակ մը։ Նոյնպէս որպէս յաւելուած՝ գիրքին մէջ տեղ գտած է սփիւռքահայ մտաւորական Մարկ Նշանեանի՝ այդ վէպին վերաբերեալ յօդուածը։ Ծանօթագրութիւններու բաժնին մէջ բացատրուած են ոչ-հայերէն բառերն ու արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ նուազ ծանօթ վայրերն ու անցքերը։ Գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան այս բոլորը պատրաստած է գիտական մակարդակի լրջութեամբ եւ արհեստավարժ մօտեցումով։

Գիրքի կողքի ձեւաւորումը իրականացուած է Արէտ Կըճըրի կողմէ՝ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն մէկուն օգտագործումով։

«Արաս»ի հրատարակած երկրորդ գիրքը կը կոչուի՝ «Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ», որ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։ Զաւէն Պիպեռեան թէեւ գրասէրներու ծանօթ է՝ որպէս արձակագիր, սակայն ներկայիս բանաստեղծութիւնները առաջին անգամ տպագրուած են «Արաս»ի կողմէ՝ առիթ տալով բացայայտելու հեղինակի ցայսօր ծածուկ մնացած կողմերէն մին։ Ժողովածոյին համար պարագայական վերնագիր մը ընտրուած է՝ քաղուած բանաստեղծական տողէ մը։ Հեղինակի ֆրանսերէն բանաստեղծութիւնները հայերէնի թարգմանուած են ֆրանսահայ խմբագիր, հրապարակագիր Արփի Թոթոյեանի կողմէ։

Այս գիրքը եւս հրատարակութեան պատրաստուած է Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ։ Կողքի ձեւաւորումը կատարած է՝ նոյնպէս Արէտ Կըճըր, այս անգամ օգտագործելով Արա Գալստեանի կողմէ նկարահանուած դրուագ մը։ Գրաշարը եղած է Լինտա Կիւլպաղ։ Նոյնաժամանակ հրատարակուած այս երկու գիրքերու պարագային, բանաստեղծութեան ժողովածոյին համար ալ Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ նախաբան մը ստորագրուած է։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021