ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները խանդավառ հանդիսութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ մեծ ոգեւորութեամբ եւ առարկայ դառնալով Գատըգիւղի ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներուն։ Համավարակի հետեւանքով սահմանափակ մասնակցութիւն նախատեսուած էր ձեռնարկին համար։ Ներկայ էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքներ։

Օրուան հանդիսավարն էր Մելիսա Չելիք, որ շրջանաւարտներու դասարանի ուսուցչուհին էր։ Տղաքը արտասանեցին սրտի խօսքեր, մինչ ծնողներու անունով արտայայտուեցաւ Սուլթան Մըխճը։ Շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրեան։ Վկայականներու բաշխման փուլին բոլորը ջերմ ծափերով ողջունեցին ընթացաւարտները։

Արամեան-Ունճեան վարժարանի այս տարուան հունձքը կը բաղկանայ 15 շրջանաւարտէ. Սելին Եուրթկիւլիւ, Վանեսսա Օսէփեան, Սեսիլ Կիւնտիւզ, Այգ Ճան Նշան, Մինաս Քամի Տանաճը, Պելինտա Ֆիտան, Լուքաս Ճան Մըխճը, Արեւ Սէթեան, Ժասմին Սիլիֆքելի, Լիտիա Քայալար, Սեւակ Քոչ, Արաս Տաւիտօղլու, Անտրէ Քոշուն, Նարէ Քիւլէկէչ եւ Ալիս Զենկինքուզուճու։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021