ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ տարի իր գահակալութեան յաջորդող օրերուն այցելած էր Իսթանպուլի եկեղեցիները եւ իր նախագահութեամբ տեղի ունեցած էին «Հրաշափառ»ի արարողութիւններ։ Դժբախտաբար, քորոնաժահրի համավարակի զարգացումներուն որպէս հետեւանք, կարելի չէր եղած Գնալը կղզիի վրայ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն կատարել։

Նկատի ունենալով, թէ այսօր համավարակի պայմանները նման արարողութիւն մը կատարելու համար թոյլատու են, նախընթաց օր, Պատրիարք Հայրը պաշտօնապէս այցելեց Գնալը, ուր իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի ամարանոցը եւ «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս։

Ժամը 20.30-ին, եկեղեցւոյ զանգակները ղօղանջել սկսան, երբ Նորին Ամենապատուութիւնը՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, ատենապետ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամներու եւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքի կողմէ Պատրիարքարանէն առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ մուտքին յանուն Գնալը կղզիի համայնքին, երկու մանուկներ ծաղկափունջ մը նուիրեցին մեր Հոգեւոր Պետին։ Զանգակներու ղօղանջներու ներքեւ Պատրիարք Հայրը օրհնեց աղն ու հացը, ապա Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամները «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգակցութեամբ մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդեցին դէպի Ս. Խորան։

Ուխտի աղօթքէն յետոյ, յանուն Իշխանաց կղզեաց ժողովուրդին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Հայր սուրբը Ս. Գրային տողերը օրուայ խորհուրդին պատշաճեցնելով, ըսաւ. «Երանի անոր, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակ մը ունի»։ Իր խօսքերուն մէջ ան յայտնեց, թէ Պատրիարք Հայրը այն հոգեւոր սպասաւորներէն է, որ Գնալը կղզիի մէջ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրով եւ Մեսրոպ Հայր Սուրբի հովուութեան շրջանին հիմքը դրուած հոգեւոր հսկայ առաքելութեան պտուղը դարձած է։ Ինք նոյնիսկ եղած է այս առաքելութեան առաջիններէն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բեմը անծանօթ չէ եղած Սահակ Պատրիարքին, քանի ինք որպէս երիտասարդ, քարոզած է այս բեմին առջեւ, սարկաւագ ձեռնադրուած է այս բեմին վրայ, քահանայական անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցած է, որպէս տեսուչ այս բեմէն քարոզած է։ Եւ հուսկ, հովուապետական այս այցելութեամբ, նոյն բեմին վրայ կանգնած է որպէս Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Հայր սուրբը իր խօսքերու աւարտին յանուն պաշտօնական մարմիններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ որդիական ակնածանքն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ մասին  ու ըսաւ. «Եկեղեցին նաւ մըն է, որ մեզ կ՚առնէ ու տեղ մը կը տանի։ Այս եկեղեցին մեզ կը միացնէ մեր անցեալին հետ։ Եկեղեցին մեզ ընտանիք կը դարձնէ։ Անոնք որոնք կը կարեւորեն եկեղեցւոյ մէջի հոգին եւ առաքելութիւնը, եկեղեցական մշակոյթը, կը տեսնեն, թէ եկեղեցին մեր մայրն է։ Հետեւաբար եկեղեցւոյ ճամբով մենք կը դառնանք եղբայրներ ու քոյրեր»։ Ապա Պատրիարք Հայրը յիշեց Գնալը կղզիի մէջ անցած իր երիտասարդական տարիները, որոնք օրհնութիւն դարձած էին իր հոգեւոր ծառայութեան համար։ Շնորհք Պատրիարքի օրհնութեամբ ու Մեսրոպ Հայր Սուրբի հոգածութեամբ առաջին անգամ այս եկեղեցւոյ մէջ շապիկ հագած ու հայերէն սորվիլ սկսած էր։ Հետեւաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այս պայմաններու ներքեւ կամայ թէ ակամայ զգացական սրբավայր մը կը դառնար։ Մաղթեց՝ աւելի յաճախ գտնուիլ կղզի եւ վայելել պոլսահայութեան եզակի այս մթնոլորտը։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքերու աւարտին յիշեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղան եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ ան երիտասարդական կորովը ի սպաս կը դնէ այս եկեղեցւոյ պայծառացման համար։ Այս շրջագիծով անուրանալի էր ներդրումը եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասուն, որոնց շնորհիւ եկեղեցին միշտ դարձած է դրախտավայր։ Հուսկ՝ յիշեց նաեւ Կազդուրման կայանը եւ մաղթեց, որ համավարակի մթնոլորտէն ազդուած ըլլալով հանդերձ հաստատութիւնը շարունակէ ծառայել մերազն ժողովուրդի զաւակներուն։ Պատգամի աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021