ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԽՈՒՄԲԸ ԿԱՅՈՒՆ ԹԱՓՈՎ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ Բ. ԼԻԿԻՆ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբը կայուն յաջողութիւն կ՚արձանագրէ ճատրակի մէջ։ Վերջերս Շիշլիի ճատրակի կազմը մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկին։ 16-23 Յուլիս թուականներուն տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որուն մասնակցեցաւ 33 խումբ։ Շիշլիցիները յաջողեցան 17-րդ հորիզոնականը զբաղեցնել եւ այսպէսով իրաւունք շահեցան յաջորդ տարի մրցելու նոյն լիկին մէջ։
Խմբային այս յաջողութեան առընթեր, Շիշլիի կազմէն կարգ մը մարզիկներ անհատական գետնի վրայ ալ ունեցան ուշագրաւ ձեռքբերումներ։ 16 տարեկաններու դասաւորման մէջ Պերքայ Էքինճի հանդիսացաւ իր սեղանին առաջինը։ 20 տարեկաններու դասաւորման մէջ ալ Արսէն Տեմիրճիօղլու հանդիսացաւ իր սեղանին երկրորդը։ Այս վերջինները պարգեւատրուեցան առանձին մետայլներով։
Այս արդիւնքները ուրախութեան եւ գոհունակութեան առիթ դարձած են Շիշլիի ընտանիքէն ներս՝ մանաւանդ, որ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները կը ջանան առաւելագոյն հնարաւորութիւնը ընձեռել ճատրակի ճիւղի մարզիկներուն։