ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՏՂԱՔԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԷՅՊԵԼԻ ԿՂԶԻ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տղաքը երէկ այցելեցին Հէյպելի։ Այս ոգեւոր պտոյտին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Կղզեբնակ խումբ մը ազգայիններու կողմէ կազմակերպուած էր այս պտոյտը։ Կայանի տղաքը առաւօտուն նախաճաշեցին ներկայութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Աւելի վերջ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուի եւ հսկիչներու վերահսկողութեան ներքեւ տղաքը ուղղուեցան դէպի նաւամատոյց, ուր իրենց յատկացուած մասնաւոր մակոյկ մը սպասէր։ Այդ մակոյկով բազմանդամ խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Հէյպելի։ Պուրկազ կղզիի մօտակայքին խումբը առաւ պզտիկ հանգիստ մը։ Աւելի վերջ կայանի սաներուն մակոյկը հասաւ Հէյպելի։ Կղզիի բնական գեղեցկութիւններու մթնոլորտին մէջ, շուրջ հարիւր սաներ եւ անոնց վրայ գումարուած պատասխանատուները օրուան տեւողութեան ունեցան հաճելի ժամանց։ Անոնք ըմբոշխնեցին թէ՛ բնութեան գեղեցկութիւնը եւ թէ զիրար վայելեցին։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կայանի սաներուն համար պատարաստած էր խաչեր։ Վիճակահանութիւնով մը այդ խաչերը յանձնուեցան իրենց տէրերուն եւ այդ ալ առիթ հանդիսացաւ յաւելեալ ոգեւորութեան։ Նորին սրբութեան եւ հայր սուրբին առընթեր պտոյտին մասնակցեցաւ Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, նոյն կազմի անդամներէն Բարսեղ Ճանճիկեան, տիրամայր Մարի Մութաֆեան եւ այլ շարք մը հիւրեր։

Օրուան աւարտին կայանի տղաքը վառ տպաւորութիւններով վերադարձան Գնալը եւ այսպէսով ապրած եղան ներկայ ամրան եղանակի յատկանշական օրերէն մին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 24, 2018