ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԿԱԶՄԸ ԳՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ Բ. ԼԻԿԻ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը վերջերս յաջողեցաւ բարձրանալ Թուրքիոյ Բ. լիկը։ Գոնիայի մէջ տեղի ունեցաւ 2018 թուականի Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկի մրցաշարքը։ Շիշլի մարզակումբը փայլուն յաջողութեան մը հասաւ՝ շնորհիւ իր վարպետ խաղացողներէն Սուհրապ Սեմիեւի։ Այս վերջինը Թիւրքմենիստանէն խաղացող մըն է, որ Գոնիայի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի տեւողութեամբ աչքի զարկաւ իր փայլուն յաջողութեամբ։

15-22 յուլիս թուականներուն, Գոնիայի «Սելչուքլու» համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որուն մասնակցեցաւ 35 խումբ։ Շիշլի մարզակումբի խումբը այս մրցաշարքի ընթացքին թէեւ ամենայաջողներու կարգին չկրցաւ դասուիլ եւ իր ունեցած արդիւնքով յառաջիկայ տարի պիտի մրցի Թուրքիոյ Բ. լիկին մէջ, սակայն անոր կազմէն Սուհրապ Սեմիեւ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց խաղերու տեւողութեան։ Ան 35 խաղացողներու շարքին մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան եւ հանդիսացաւ Ա. սեղանի առաջինը։ Իր այս յաջողութիւնը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց շիշլիցիներու շրջանակէն ներս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 24, 2018