ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ 5-ՐԴ ՀԱՄԵՐԳԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք երգենք եւ պարենք» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս կազմակերպուած 5-րդ համերգը։ Մինչ նախորդ ձեռնարկները տեղի ունեցած էին բացօթեայ, այս անգամուանը ուղղակի արդէն եկեղեցւոյ մէջ էր։ Երէկուան երեկոյթը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուի այս համերգաշարը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Համերգի սկիզբին արտայայտուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Սեւան Աթաօղլու, որ կը մասնակցի կազմակերպչական աշխատանքներու։

Երեկոյթի տեւողութեան մեներգներով հանդէս եկան Տերեւ Տեմիրճիտիր, Լիա Վարդանեան, Նորա Իփեքճի եւ Երազ Չաղլայեան, որոնց դաշնամուրով նուագակցեցաւ Առէն Քոճապայ։ Յայտագրին տեւողութեան Արամ Կոստանեանն ալ հանդէս եկաւ ասմունքներով։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով՝ մինչ ան յուշանուէրներ ալ յանձնեց երիտասարդ արուեստագէտներուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022