Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՍԿԻՒՏԱՐԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խուրհուրդի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնցմէ տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք երեք ամիսէ ի վեր կը շարունակուին ու հասած են վերջին փուլին։ Ատենապետ Պերճ Զընկըք եւ իր ընկերները անդրադարձան նաեւ եկեղեցւոյ ելմտական վիճակին։ Պաշտամունքի վերաբացումը կը նախատեսուի 1 սեպտեմբերին։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023