ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
9 Հոկտեմբերին նախատեսուած է Մայր եկեղեցւոյ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ ի նպաստ Պէզճեան Մայր վարժարանի։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Անոնք Նորին Սրբազնութեան ուշադրութեան յանձնեցին թաղային խորհուրդի գործունէութեան հիմնական առանցքները՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով դպրոցին ու աշակերտութեան, եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ իրադարձութիւններուն եւ Պէզճեան սրահի նորոգութեան համար մշակուած ծրագրին շուրջ։
Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ պիտի հանդիսապետէ Գումգաբուի մատաղօրհնութեան արարողութիւններուն։ Ան ուրախութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար ու Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին իր օրհնութիւնները փոխանցելով՝ մաղթեց յաջողութիւն եւ կարողութիւն։