ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տով։ Վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւն մը։ Բա­ցօ­թեայ ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու, կրթա­կան մշակ­ներ, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ, թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հիւ­րեր։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Տեն­չա Տէ­յիր­մէն­ճիի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին աշ­խա­տան­քա­յին բա­րի շրջան մը մաղ­թեց բո­լո­րին։ Փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Հա­թի­ճէ Ա­տա­նըրն ալ ար­տա­սա­նեց շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօսք մը։

Յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան՝ Ա­լեքս Մալ­խաս, Ե­ւա Ե­թէ­րօղ­լու, Լի­տիա Քա­յա­լար, Մե­լա­նի Քո­շուն։ Նախ­կին յա­ջող շրջա­նա­ւար­տու­հի­նե­րէն Ժպիտ Պուլ­կանն ալ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ բաժ­նեց իր զգա­ցում­նե­րը։ Ու­սուց­չու­հի Վե­րա Հե­մեն­կիւ­լի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ ծա­նօ­թա­ցուե­ցան այս տա­րուան ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը։ Ա­նոնք եր­գե­ցին դպրո­ցի քայ­լեր­գը։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­տուա­սի­րու­թիւն եւ այս­պէ­սով նոր կրթա­կան շրջա­նը բա­ցուե­ցաւ Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նէն ներս։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016