ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ա­րա­մեան սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 2015-2016 շրջա­նին բա­ցու­մը։ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն բազ­մա­թիւ դէմ­քեր մաս­նակ­ցե­ցան այս հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լորտ։ Զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ ներ­կա­նե­րը ապ­րե­ցան նոր ե­ղա­նա­կի մը մեկ­նար­կա­յին փու­լին միու­թեան եր­դի­քին տակ զի­րար վե­րագտնե­լու, զի­րար ող­ջու­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։ Ա­տե­նա­պետ Ար­թիւր Կեմ­րե­քօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րո­ւած վար­չու­թիւ­նը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք հա­մախմ­բո­ւե­ցան ըն­դու­նե­լու­թեան սե­ղան­նե­րու շուրջ։ Հան­դի­սու­թիւ­նը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տեն ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը  միու­թեան նո­րըն­տիր վար­չու­թեան նկատ­մամբ, որ պաշ­տօ­նի կո­չուած էր ան­ցեալ շրջա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան։

Ե­ղա­նա­կի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պեր­պե­րօղ­լու, Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի վա­րիչ Սե­ւան Շէն­ճան եւ թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Ար­թիւր Կեմ­րե­քօղ­լու։ Մա­րալ Ա­դա­ման տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց վար­չու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեանն ալ Ս. Թարգ­ման­չաց տօ­նի շրջա­նին զու­գա­դի­պած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բող­ջին մէջ հա­յե­ցի ե­րե­սա­կը չան­տե­սե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Ներ­կա­նե­րը ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան ա­ռիթն ու­նե­ցան նաեւ հե­տե­ւե­լու թան­կո­յի ներ­կա­յա­ցում­նե­րու։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2015