ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ ՀԱՍԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան 2015 թուականի Իսթանպուլի ճատրակի փոքրերու առաջնութեան։ Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետութեան մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու արդիւնքին դափնեկիրներու շարքին մաս կազմեցին Լիտիա Փուլատ, Տարօն Սիրականեան, Նիքոլ Քարաքուշ եւ Միրա Եիղիթէր։ Նկատի ունենալով, որ սա մըր-ցաշարքի առաջին հանգրուանն է, իրենց դասաւորումներուն մէջ առաջին տասնեակին մաս կազմելու իրաւունք շահած աշակերտները միեւնոյն ժամանակ իրաւունք ունեցան մրցապայքարը շարունակելու յառաջիկայ հանգրուանին։ Մէրամէթճեան վարժարանի վերոյիշեալ չորս սաներն ալ դժուար մրցակիցներու դէմ պայքար մղելով ապահովեցին այդ իրաւունքը։ Հետեւաբար, 30-31 Հոկտեմբեր թուականներուն անոնք եզրափակիչ մրցաշարքին մասնակցութիւն պիտի բերեն Պահչէլիէվլէրի մէջ։
Հարկ է յիշեցնել, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս երկար տարիներէ ի վեր շարունակական ձեւով նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի ճատրակի նկատմամբ եւ արդիւնքին դպրոցի սաները միշտ աչքառու յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն զանազան մակարդակներու վրայ կազմակերպուած մրցաշարքերուն շրջագծով։