ՄՇԱ­ԿՈՅ­ԹԻ ՇԱ­ԲԱ­ԹԸ՝ ԳԱ­ՏԸ­ԳԻՒ­ՂԻ ՄԷՋ

Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ, առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով թէ՛ կրտսեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։ Այս տարուան մշակութային եռուզեռը սկսաւ հայր սուրբին հետեւեալ կոչով. «Ս. Թարգմանիչ Վարդապետաց անփոխարինելի ծառայութեամբ, Աստուծոյ ձայնը արձագանգեց հայոց այբուբենի տառերուն մէջ։ Հետեւաբար, Մշակոյթի շաբթուան առիթով կատարուած իւրաքանչիւր հայաշունչ հանդիսութեան մէջ՝ կարելի է վայելել Աստուածայայտնութեան խորհուրդը»։ Մինչ այդ, Ս. Թագաւոր եկեղեցին, Մշակոյթի շաբթուան առթիւ իր դիմատետրի էջին վրայ, ամէն օր ծանօթացուց հայկական երգ մը կամ շարական մը։ Գատըգիւղի մէջ շաբթուան ընթացքին կազմակերպուեցան հետեւեալ հանդիսութիւնները։ 

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, 14 հոկտեմբեր, կիրակի, Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Մշակոյթի շաբթուան բացման առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ նախագահութեամբ՝ Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Արարողութեան մասնակցեցաւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։

Սրբազան հայրը, Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց ու Թարգմանչաց ոգիին վրայ ծանրանալով ըսաւ. «Մեծ գործ կատարեցին անոնք, քանի իրենց նպատակը Աստուծոյ գործին յաջողութիւնն էր։ Եկեղեցւոյ տեսլականով այսօր ունինք հայոց այբուբենը, հայ եկեղեցին ու հայ մշակոյթը։ Իսկ, ի՞նչ էր սուրբ հայրերուն նպատակը. Ս. Գիրքը հայերէնի թարգմանել։ Աստուածաշունչը, այսօր աշխարհի վրայ միլիառաւոր տպագրութեամբ բազմացուած գիրք մըն է։ Ան զանազան լեզուներու թարգմանուած ու բազմաթիւ ժողովուրդներու յանձնուած գիրք մըն է։ Պէտք է լաւ գիտնալ, թէ ինչպիսի շնորհքի մը տիրացած ենք մենք՝ հայերս։ Մօտաւորապէս 400 տարիներ առաջ շատ քիչեր իրենց մայրենիով կը կարդային Ս. Գիրքը։ Ընթերցման լեզուն գրեթէ լատիներէնն ու յունարէնն էր։ Իսկ հայեր, աւելի քան 1600 տարիներ առաջ տիրացած էին իրենց մայրենիով գրի առնուած Ս. Գիրքին։ Թարգմանիչ վարդապետները այս առանձնաշնորհումը նուիրած են հայ ժողովուրին։ Իրապէս մեծ պարգեւ մըն է՝ մայրենիով Ս. Գիրքը կարդալ ու Աստուծոյ ձայնը լսել փորձել։ Հետեւաբար լաւ գիտնանք մեզի յանձնուած սրբութեան արժէքը»։

Սրբազան հայրը ապա յիշեցուց օրուան սուրբգրային բաժինը ու ըսաւ. «Այրի կնոջ լուման շատերուն ծանօթ հատուած մըն է։ Այսօր մենք անգամ մը եւս կը տեսնենք Աստուծոյ պատկանածը Աստուծոյ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը։ Իւրաքանչիւրս մեզի պատկանածներէն բաժին մը պէտք է յատկացնենք Աստուծոյ եւ կարիքաւորներուն։ Այրի կնոջ պատգամը հետեւեալն է. ամբողջական նուիրում Աստուծոյ։ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ուռճացման գաղտնիքն է այս մէկը։ Որքան ատեն որ նիւթական կամ բարոյական բաժին կը յատկացնենք Աստուծոյ, այնքան ժամանակ պիտի տեսնենք Աստուծոյ ներկայութիւնն ու օրհնութիւնը»։ Սրբազան հայրը իր խօսքերու աւարտին ներկաները հրաւիրեց Թարգմանչաց տօնին եւ Մշակոյթի շաբթուան մասին մտածելու, ինչպէս նաեւ Թագուհի Թարգմանութեանց կոչումին արժանացած Աստուածաշունչի կարեւորութեան գիտակցելու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան արարողութեամբ յիշատակուեցան Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ վախճանեալ քարոզիչները, Գատըգիւղի կրթական մշակներն ու մշակութային գործիչները։

Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին՝ եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ, տիկնանց կազմին կողմէ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

ՁԵՌԱԳՈՐԾԻ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Մշակութային շաբթուան առթիւ, 17 հոկտեմբեր, չորեքշաբթի, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Լինտա Քումտակէզէրի առաջնորդութեամբ՝ կատարուեցաւ ձեռագործի աշխատութիւն։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեամբ ու մասնակցութեամբ կատարուած աշխատութեան մասնակցեցան՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ թաղեցիներ։ Մասնակիցներ աշխատութեան ընթացքին ձեռագործեցին հայկական ու եկեղեցական նաշխերով։ Այս արթիւ, հայր սուրբը շնորհաւորեց մասնակիցները՝ յիշեցնելով, թէ Հայ մշակոյթի շաբթուան ընթացքին իմաստալից աշխատութեան կը դառնար այս ձեռագործի աշխատանոցը, որով մասնակիցներ արուեստի ճամբով կը նշմարէին իւրայատուկ մշակութային արժէքներու հմայքը։ Աշխատանքները յաջորդ շաբաթներուն պիտի շարունակուին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ եւ Արամեան սանուց միութեան երդիքին ներքեւ։

Ս. ԳՐԱՅԻՆ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, 18 հոկտեմբեր, հինգշաբթի, միջօրէին, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հայր սուրբը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ ըսաւ, թէ աշխատութեան նպատակն է հայերէնի մէջ տկարութիւն ունեցող համայնքի անդամներուն եւս ծանօթացնել Թարգմանիչ վարդապետներու անփոխարինելի գործը։ Ան նախ յիշեցուց, թէ Ս. Գիրքը Աստուծոյ շնորհած իմաստութեան մարմնացումն է եւ շնորհիւ Ս. Վարդապետաց ան թարգմանուած է հայերէնի։ Հայր սուրբը շեշտեց, թէ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպի շնորհիւ, հայեր ո՛չ միայն իրենց մայրենի լեզուով Աստուծոյ խօսքը լսելու հնարաւորութեամբ օժտուեցան, այլեւ՝ հայկական դպրութեան հիմքերը դրուեցան։ Հետեւաբար ճիշդ է, թէ գիրն ու գրականութիւնը հին են, բայց ո՛չ հինցած։ Հայր սուրբը ապա շարականներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ բացատրեց «Որք զարդարեցին» շարականին իմաստը եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «Թարգմանչաց տօնի խորհրդանիշը դարձած է այս շարականը, որուն մէջ կը ներփողուի Ս. Վարդապետաց աշխատութիւնը։ Այնտեղ կը տեսնենք, թէ Ս. Թարգմանիչներ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ՝ Աստուծոյ գործը կատարեցին։ Իրենց նպատակն էր Քրիստոսի հօտին փոքրիկ անդամ՝ հայ ժողովուրդը հովուուել Ս. Գիրքի զօրութեամբ։ Հետեւաբար եկէ՛ք, ըստ շարականի տողերուն՝ Աստուծոյ անունը օրհնենք շարականի երգակցութեամբ»։ Ապա, ներկաներ հայր սուրբի առաջնորդութեամբ փորձեցին «Որք զարդարեցին» շարականը երգել։ Նախքան վերջին օրհնութիւնը՝ հայր սուրբը թելադրեց նոյնիսկ դժուար ըլլայ, շարականներու տէր կանգնիլ։

Քարոզխօսութեան աւարտին՝ ներկաներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ, ուր թաղի վաստակաւոր ուսուցչուհիներէն Անի Պարոնեան, համառօտ դասախօսութիւն մը կատարեց, տեղեկութիւններ փոխանցելով պոլսահայ գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Մատթէոս Զարիֆեանի մասին։ Ան նախ յիշեցուց, թէ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի հանգուցեալի շիրիմը, որ վերջերս բարեզարդուած էր։ Զարիֆեան երգած է սէրը։ Իր հիւանդութեան պատճառաւ, իր քերթուածները ընդհանրապէս գրուած են տրտմութեամբ, բայց իր մէջ բոցավառած կեանքի սէրն ալ տեւական յայտնաբերած է։ Թոքախտէ տառապող երիտասարդ բանաստեղծը իր առողջութեան ներած չափով ներդրում ունեցած է վարժարաններու մէջ։ Դասախօսութեան աւարտին արտասանուեցան Զարիֆեանի գործերէն նմոյշներ, որոնց ամենաազդուն եղաւ «Չըսի՞» բանաստեղութիւնը։

Աշխատութեանց աւարտին՝ հայր սուրբը գնահատեց Անի Պարոնեանը, իր պատրաստակամութեան համար, ինչպէս նաեւ մասնակից բոլոր տիկինները։ Ներկաներ առ ի շնորհակալութիւն ծաղկեփունջ մը նուիրեցին Պարոնեանին։ Սուրբգրային սերտողութիւնն ու դասախօսութիւնը իր աւարտին հասաւ սիրոյ սեղանով ու «Պահպանիչ» աղօթքով։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ, 19 հոկտեմբեր, ուրբաթ, յետմիջօրէին Թարգմանչաց տօնի առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որմէ յետոյ վարժարանի սրահին մէջ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին շուրջ հիւրասիրեցին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ՝ վարժարանի կրթական մշակները։ Ներկայ էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ տիկնանց կազմի անդամները։

Քարոզիչ հայր սուրբը, ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը կը տօնուէր նաեւ որպէս «Վարդապետներու եւ հայ ուսուցիչներու տօն»։ Ան յայտնեց, թէ Գատըգիւղի մէջ Մշակոյթի շաբթուան յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայուէր եւ աւանդականի վերածուած այս սիրոյ սեղանն ալ մաս կը կազմէր այդ տօնակատարութեանց։ Այս տարի եւս կը կրկնուէր գեղեցիկ սովորութիւնը, որով պատգամ փոխանցելու, զրուցելու, հայ երաժշտութիւնը վայելելու առիթը կը ստեղծուէր։ Հայր սուրբը Հայ գիրերու գիւտի իրականացման մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն ու ըսաւ «Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի համագործակցութեամբ կատարուած սուրբ աշխատութիւնը, անցեալի ընդմէջէն տակաւին կը փոխանցէ իր պատգամը։ Ի՞նչ էր այս սուրբ դէմքերը իրարու միացնող այդ սուրբ պաշտօնը, եթէ ոչ՝ Ս. Գիրքի հայերէնի թարգմանութիւնը։ Աստուած իր կատարած հրաշքով պատասխանած է Ս. Մեսրոպի աղօթքին եւ կատարելագործած՝ հայոց այբուբենը։ Դժուարին պահերուն, յուսալքութեան օրերուն, Աստուծոյ ապաւինելով շատ մեծ գործեր կատարած են մեր մեծերը։ Հետեւաբար բաւ է մեր ձեռքէն եկած չափով ծառայելու, ապրեցնելու փորձը կատարենք։ Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու աշխատութեան արդիւնքն է այսօրուան մեր եկեղեցին եւ վարժարանը։ Ուրեմն անոնց ոգին, դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը ներկայ են մեր հաստատութիւններու մէջ։ Հետեւաբար պարտ է մեզի ապրելու կամքը ունենալ այդ հաստատութեանց մէջ եւ ներկայ դարու պայմաններով զանոնք ապագայի փոխանցելու միջոցները որոնել»։ Իր խօսքերու աւարտին գնահատեց վարժարանի ուսուցչաց կազմը, մաղթելով իրենց կարողութիւն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի անդամներուն, որոնք պատրաստած էին օրուան սիրոյ սեղանը։

Ապա, իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի ուսուցիչները եւ աշակերտներու հետ իրենց ապրած հաճելի փորձառութիւնները բաժնեցին ներկաներուն հետ։ Սիրոյ սեղանը առաւել եւս ոգեւորուեցաւ միասնաբար երգուած տոհմիկ երգերով։ Ներկաներ եւս շնորհաւորեցին հայր սուրբն ու տէր հայրը, իրենց աշխատութեանց համար։ Ուսուցչաց կազմի անդամները եւս իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին սոյն մէկտեղման առթիւ ու շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպողներուն։

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեամբ, կազմակերպուեցաւ շարադրութեան մրցում մը, որուն մասնակցեցան թաղի Արամեան-Ունճեան եւ Սկիւտարի Գալֆայեան վարժարաններու 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն աշակերտներ։ Պատանիներ մտածելով իրենց լեզուի, մշակոյթի կամ եկեղեցւոյ մասին, մտերմաբար յայտնեցին իրենց զգացումները։ Այս տարի աշակերտներ, որպէս 21-րդ դարու հայ ժողովուրդի անդամներ, իրենց նամակը գրեցին Ս. Սահակին եւ Ս. Մեսրոպին։

Մրցումին մէջ աստիճան ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Առաջին՝ Ալիսսա Պաքըրճը, Գալֆայեան վարժարան, Է. դասարան, (Ինքնաշարժի մը մէջ ծանօթները)։ Երկրորդ՝ Արսէն Անդրէասեան, Արամեան-Ունճեան վարժարան, Է. դասարան, (Խոստում Մաշտոցին)։ Երրորդ՝ Մատլինա Կէզ, Գալֆայեան վարժարան, Է. դասարան, (Շնորհակալութիւններ)։

Մանսիոն ստացան՝ Ալիք Աթաօղլու, Արամեան-Ունճեան վարժարան, Ը. դասարան, (Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի ջանքերը), Լիզա Շահինեան, Արամեան-Ունճեան վարժարան, Է. դասարան, (Անշէջ Աստղ), Նաիրա Սերթշիմշէք, Արամեան-Ունճեան վարժարան, Է. դասարան, (Մեսրոպ Մաշտոց), Սելվա Պաքըրճըօղլու, Գալֆայեան վարժարան, Է. դասարան, (Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի ջանքերը), Կիւլսիմա Պաքըրճըօղլու, Գալֆայեան վարժարան, Է. դասարան, (Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակ)։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018