ԳԱՐԹԱԼԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին ուրարակիր Արա Էօզկիւնտիւզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Վարդուհի Տէմիրճիօղլուի։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը տուաւ օրուան քարոզը։ Յաւարտ արարողութեան հոգեհանգստեան պաշտօնով մը ոգեկոչուեցան եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորները, սատարողներն ու ներկայ բարերարներուն հանգուցեալները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ իր ընկերները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Յովհաննէս Սահակօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց արարողութեան մասնակից ուխտաւորներուն, մանաւանդ նաեւ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբին։ Ան խմբավար Սեւան Շէնճանին նուիրեց երգչախումբի խմբանկարներէն մին։
Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ գնահատեց տեղւոյն թաղային խորհուրդին աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի հաւատացեալներ զանազան առիթներով շէնցնեն Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցին, որ վերջին նորոգութիւններէն վերջ արդէն միշտ բաց է մոմավառութեան համար, բացի Երկուշաբթիէ։
Թրքահայ կեանք
- 05/09/2025