ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ՎԵՐՋԵՐՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊՈՐՏՕ
«Էրասմուս+» նախագիծը, որ եւրոպական զանազան երկիրներէ վարժարաններու մասնակցութեամբ ի գործ կը դրուի Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ, հերթական ձեռնարկը իրականացուց Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ։ 15-21 Նոյեմբեր թուականներուն տեղի ունեցած հաւաքին, ի շարս այլ երկիրներէ ժամանած վարժարաններու, մասնակցեցաւ նաեւ Մխիթարեան վարժարանէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի։ Աշակերտներուն կ՚ուղեկցէին նաեւ ուսուցիչներ Սեսիլ Քոճա, Սեւան Տէյիրմենճեան, վարժարանի խնամատար մարմինէն Սոնա Մորպօյաճը եւ Պրենտա Էլակէօզ։
Փորթուկալէն, Սկովտիայէն, Նորվեկիայէն, Թուրքիայէն, Լիթվանիայէն եւ Իտալիայէն Պորտօ ժամանած պատուիրակութիւնները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան քաղաքի արուարձաններէն Պլանքֆորտի Սէն Միշէլ արհեստից վարժարանին կողմէ։ Տրուած ըլլալով որ նախագծին հիմնական նպատակն է վերամշակումը՝ աշակերտները աշխատեցան այդ ուղղութեամբ եւ անպէտք նկատուող իրերէն պատրաստեցին գեղեցիկ գործեր։ Աշխատանքներու եզրափակիչ հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ յիշեալ արուարձանին քաղաքապետը։ Այս առթիւ տնօրէնուհի Եւա Օրագեան անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մէկ պատկերագիրքը նուիրեց Սէն Միշէլ վարժարանի տեսչութեան։
Հիւրերը առիթն ունեցան շրջելու Պորտոյի գեղատեսիլ ու պատմական վայրերը, այցելելու գինեգործարան մը՝ այգիով հանդերձ, ինչպէս նաեւ հասնիլ մինչեւ Ատլանտեան ովկիանոսի ափը՝ տեսնելու Արքաշոնի ծովածոցը, համանուն ամարանոցային աւանն ու Քափ Ֆերրէի ծովաքիթը։
Այս շրջապտոյտը կայացաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան անմիջական վաղորդայնին, երբ դեռ կը շարունակուէր երկրի մէջ հռչակուած պաշտօնական սուգի շրջանը։ Մխիթարեանցիներ եւս միացան յարգանքի լռութեան պահուն՝ իրենց խոնարհումը բերելով անմեղ զոհերու յիշատակին ու ցաւակցելով ֆրանսացիներուն։