ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀԻՒՐԵՐ
Կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին (ՀԱՀ) կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ այս շաբաթավերջին քաղաքս պիտի այցելեն՝ յաչս թրքահայ համայնքին աւելի մօտէն ու մանրամասն ծանօթացնելու համար այս բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը, որ կը գտնուի բաւական նախանձելի դիրքի մը վրայ։ Այսպէս, շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլ պիտի գան ՀԱՀ-ի վերատեսուչ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխ-վերատեսուչ Աշոտ Ղազարեան, որոնք միեւնոյն ժամանակ, իրենց հերթին, աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան պոլսահայութեան՝ շփումներ ունենալով մեր վարժարաններու աշակերտութեան, կրթական մշակներուն, տնօրէնութեանց եւ կրթական շրջանակներէ գործիչներուն հետ։
ՀԱՀ-ի հիմնադիրներէն Արմէն Տէր-Կիւրեղեան երկար տասնամեակներէ ի վեր բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ ակադեմական կեանքէ ներս։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ան դասախօսած է Berkley եւ Illinois համալսարաններուն մօտ։ Բաց աստի, դասախօսած է Սլովենիոյ, Ճաբոնի, Իտալիոյ, Դանիոյ, Հնդկաստանի եւ Գերմանիոյ զանազան համալսարաններուն մէջ։ Ան ընտրուած է նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ։
Աշոտ Ղազարեան քսան տարիներ գլխաւորած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղը։ Ծանօթ է, որ ՀԱՀ կը գործէ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։ Թէ՛ կրթական եւ թէ ընկերային կեանքէ ներս լայնածաւալ գործունէութիւն ունեցած է Աշոտ Ղազարեան, որ ունի մագիստրոսի ակադեմական աստիճան։
ՀԱՀ-ի մօտ դասաւանդութիւնները տեղի կ՚ունենան անգլերէնով։ Սա ամբողջ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքի միակ համալսարանն է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մօտ ունի վարկաւորում (աքրետիթասիոն), նաեւ կ՚իրականացնէ ուսանողներու փոխանակման ծրագրեր։ Համալսարանի գործունէութեան կապակցութեամբ կարելի է աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ գտնել իր կայքէջին վրայ՝ «www.aua.am»։
Իսթանպուլի մէջ ՀԱՀ-ի ներկայացուցիչները պիտի հիւրընկալուին Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) Կրթական յանձնախումբին կողմէ։ Իրենց այցելութեան երկօրեայ ծրագիրը բաւական խտացեալ ձեւով պատրաստուած է՝ որպէսզի անոնք ունենան առաւելագոյն հնարաւորութիւնը՝ արդիւնաւէտ ուղեւորութիւն մը իրականացնելու տեսանկիւնէն։ Իրենց կեցութեան օրերուն հիւրերը պիտի այցելեն Պատրիարքարան, Էսաեան, Կեդրոնական եւ Մխիթարեան վարժարանները, ինչպէս նաեւ մեր մամուլի խմբագրատուները։ Նախատեսուած է իրենց առանձին հանդիպումը պոլսահայ վարժարաններու տնօրէններուն հետ։ Առանձին ձեւաչափերու մէջ անոնք պիտի զրուցեն նաեւ աշակերտներու, ուսուցիչներու, ծնողներու, համալսարանականներու եւ համայնքի անհատներուն հետ։
ՀԱՀ-ի ներկայացուցիչները պիտի այցելեն նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր «Պիլէք» հանգստարանի սրահէն ներս պիտի մէկտեղուին մեր համայնքի վարչայիններուն հետ։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի սրահին մէջ ալ անոնք հանդիպում մը պիտի իրականացնեն Թուրքիոյ շարք մը յառաջատար համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս վերջիններու շարքին պիտի գտնուին «Պողազիչի», «Սապանճը», «Պիլկի», «Կալաթասարայ», «Քատիր Հաս», «Օքան» համալսարաններէն պատասխանատուներ, որոնց հետ զրոյցը հաւանական համագործակցութեան եզրեր քննարկելու հնարաւորութիւն մըն ալ պիտի ընձեռէ։