ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը տուն դար­ձաւ Սրբոց Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու ո­գե­կոչ­ման հա­դի­սու­թեան: Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հայ­րեր՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան եւ Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղե­ցոյ հո­վիւ եւ Տ. Լե­ւոն Ար­ք. Զէ­քիեա­նի նէր­կա­յա­ցու­ցիչ Հ. Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Ար­ման Գա­մա­ռի, ու­սու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ հոծ թի­ւով ծնող­ներ:

Օ­րուան խօս­նակ­ներն էին ԺԱ. դա­սա­րա­նէն Թա­լիա Այ­վազ եւ Սա­րին Ի­նան:

Հան­դի­սու­թեան սկիզ­բը ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ միջ­նա­կար­գի տնօ­րէ­նու­հի Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեան, որ ամ­փո­փեց սոյն հան­դի­սու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մի բուն նպա­տա­կը: Վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րը փա­փա­քած էին յի­շա­տա­կել Ս. Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը, Ս. Սա­հակ Պար­թեւ Հայ­րա­պե­տը եւ ի­րենց օգ­նա­կան­նե­րը: Ա­նոնք ու­զած էին ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ի­րենց տուր­քը վճա­րել: Ա­նոնց շնոր­հիւ է որ դա­րե­րու տե­ւո­ղու­թեան կը գո­յա­տե­ւէր հա­յը, իր հետ կրե­լով մշա­կու­թա­յին հսկայ ժա­ռան­գու­թիւն մը: «Ան­մահ ըլ­լան ու միշտ խայ­տան ա­նոնց հո­գի­նե­րը, լսե­լով մեր սի­րա­սուն զա­ւակ­նե­րուն շրթնե­րէն մեր գե­ղե­ցիկ հա­յե­րէ­նը» խօս­քե­րով տնօ­րէ­նու­հին ա­ւար­տին հաս­ցուց իր ե­լոյ­թը: Ա­պա ան բե­մը յանձ­նեց լի­կէո­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­նե­րու, ո­րոնք անդ­րա­դար­ձան այդ ան­մահ ա­նուն­նե­րուն կա­տա­րած մեծ գոր­ծին կա­րե­ւո­րու­թեան: Ա­շա­կերտ­նե­րը կարճ ակ­նարկ մը նե­տե­ցին Ոս­կե­դա­րուն, Աս­տուա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թեան և թարգ­մա­նիչ­նե­րու սե­րուն­դին վրայ: Յե­տոյ միջ­նա­կար­գէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ պտոյտ մը կա­տա­րե­ցին մեր գրա­կան ան­դաս­տա­նէն ներս՝ տես­նե­լու հա­մար, թէ մեր ան­մահ գրա­գէտ­նե­րը ինչ­պէս փա­ռա­բա­ներ են մեր մայ­րե­նի լե­զուն:

Իսկ նա­խակր­թու­թեան ու­սուց­չաց կազ­մի հա­մա­տեղ աշ­խա­տու­թեամբ բե­մադ­րուե­ցաւ թա­տե­րա­խաղ մը, ո­րուն մէջ դեր ստանձ­նած էին նա­խակր­թու­թեան անխ­տիր բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը: Թա­տե­րա­խա­ղը հա­մե­մուած էր մեր մայ­րե­նիին նուի­րուած եր­գե­րով եւ հայ­կա­կան պա­րե­րով:

Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, որ բարձր գնա­հա­տե­լով տղոց եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն տա­րած աշ­խա­տան­քը, յայտ­նեց իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը բե­մին վրա­յէն փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րուն եւ հան­դի­սա­տես­նե­րուն ա­կանջ­նե­րուն հաս­նող մեր ա­նոյշ լե­զուին նկատ­մամբ: Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­ն սր­տանց շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րած էին սոյն գե­ղե­ցիկ հան­դի­սու­թեան: Վար­դա­պե­տը սրտանց շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ բո­լոր ծնող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց թան­կա­գին ներ­կա­յու­թիւ­նը բե­րած էին ձեռ­նար­կին եւ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը խրա­խու­սած էին ի­րենց մայ­րե­նին ապ­րեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Տղոց եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու հան­դէպ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ Հ. Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան, որ յայտ­նեց իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը այս­պի­սի հան­դի­սու­թեան մը ներ­կայ ըլ­լա­լէ: Իր խօ­սակ­ցու­թեան մէջ Հայր Վար­դան նշեց, թէ իւ­րա­քան­չիւր տղու դէմ­քէն կա­րե­լի էր կար­դալ հա­յու ո­գին եւ այս մէկն ալ խիստ կա­րե­ւոր է հայ ազ­գին տե­ւա­կա­նաց­ման տե­սա­կէ­տէ:

Երբ իր ա­ւար­տին հա­սաւ հան­դի­սու­թիւ­նը, բո­լոր տղոց, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ծ­­նող­նե­րուն դէմ­քե­րէն կը կար­դա­ցուէր մեր լե­զուի եւ մեր գի­րե­րու կեր­տիչ­նե­րուն նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տա­կան տուրք մա­տու­ցած ըլ­լա­լու սրտի ան­բա­ցատ­րե­լի բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը: Ինչ­պէս որ մատ­նան­շած էր Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­ն, Մխի­թա­րեա­նի յար­կին տակ տղա­քը փոքր տա­րի­քէն կը թրծուէին հա­յա­շունչ ո­գիով եւ հե­տա­գա­յին ա­նոնք է որ տէր պի­տի կանգ­նէին այդ ան­գին ա­ւան­դին, այդ ան­փո­խա­րի­նե­լի ժա­ռան­գու­թեան:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016