ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց աւագերէց Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան ներկայիս Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասուն երիցագոյն անդամն է։ Իր ձեռնադրութեան քառասնամեակի սեմին, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յարմար նկատեց տէր հօր վաստակը գնահատել օրհնութեան գիրով մը։

Պատրիարքական տեղապահ սրբազան հօր օրհնութեամբ, Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, իր հետ ունենալով Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանն ու Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, երէկ յետմիջօրէին այցելեց տէր հօր բնակարանը։ Հոգեւոր հայրերը, փոխանցելով տեղապահ սրբազան հօր ողջոյնները՝ յայտնեցին, թէ տէր հօր բազմամեայ ծառայութիւնը կը գնահատուէր օրհնութեան գիրով։

Այնուհետեւ, Սահակ Սրբազան ընթերցեց ու տէր հօր յանձնեց օրհնագիրը, ուր գրուած է հետեւեալը.

Աստուծոյ կամքով եւ երջանկայիշատակ Շահան Ս. Արք.ի ձեռամբ կոչուեցաք ծառայելու Հայց. Առաքելա-կան Ս. Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ որպէս քահանայ։

Շուրջ քառասուն տարիէ ի վեր կը ծառայէք առանց ձանձրանալու, մնալով հաւատարիմ ձեր քահանայական ուխտին։ Ձեր քահանայական փորձառութիւնը ի սպաս դրած էք նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովին որպէս անդամ։

Համեստ ու խոնարհ պայմաններով սկսած ձեր քահանայական առաքելութեան, տակաւ առ տակաւ արժանացաք ձեզի գործակից համայնքային վարիչներու գնահատանքին, որոնք հասած են մինչեւ Պատրիարքական Աթոռ եւ դուք արժանացած էք լանջախաչ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութեան եւ հուսկ՝ «աւագ քահանայութեան» պատուին։ Նկատելի է, թէ դուք իրաւունքը տուած էք ձեր անձին նկատմամբ եղած շնորհաբաշխութիւններուն, եւ միշտ նոյն եռանդով մնացած՝ ծառայութեան պատնէշին վրայ։

Դուք հայրական գորովով կրցած էք պարուրել ձեր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը, նոյնպէս արժանանալով անոնց որդիական սիրոյն։ Ամենայն պատրաստակամութեամբ ընդառաջած էք Պատրիարքական Աթոռէն ձեզի յանձնուած պարտականութիւններուն, ի մասնաւորի այն եկեղեցիներուն մէջ, ուր բարեզարդման աշխատանքներ կը տարուէին։ Ձեր ծառայութիւնը տարածած էք մեր գաւառի փոքրաթիւ հաւատացեալներուն, զանազան առիթներով տրուած հովուական այցելութիւններով։ Ինչպէ՞ս չյիշել ձեր անձնդիր ծառայութիւնը Իսքէնտէրունի, Վաքըֆլըգիւղի, Կեսարիոյ, Տիգրանակերտի եկեղեցիներէն ներս ոգի ի բռին տարած աշխատանքները, նաեւ վերաշինութեան կամ բարեզարդման կարիքներու հոգացման համար ձեր կատարած հանգանակութիւնները, գրաւելով բարերարներու սրտերը, քաղցրութեամբ։

«Ուստի սոյն օրհնութեան գիրով ձեր անձին մէջ կ՚ողջունենք Պատրիարքական Աթոռի քահանայից դասուն երիցագոյն անդամը իր նուիրեալ ծառայութեամբ։ Ձեր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակի ուրախ հանգրուանի սեմին, յանուն Պատկառելի կրօնական ժողովոյ եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորական դասու անդամներուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք մեր գնահատանքը։ Կ՚աղօթենք որ Ամենակալն Աստուած, որ ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք, որպէսզի շարունակէք մնալ ձեր պատնէշին վրայ ի շինութիւն եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մերազն հաւատացելոց։

Որ բարւոք վերակացու լինին երիցունք՝ կրկին պատուոյ արժանի եղիցին, մանաւանդ եւ աշխատիցին բանիւ եւ վարդապետութեամբ։ ...արժանի է մշակն վարձու իւրոյ (Ա. Տիմ. Ե.17-18)։

Ողջ լեր ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. ամէն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2017