ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ ԵՒ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ ԱՄՈԼԸ ՔԱՂԱՔՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ երէկ Երեւանէն ուղիղ թռիչքով Իսթանպուլ եկան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ սիւնակագիրներէն Սագօ Արեան, որոնք շուրջ տասն օրուան կեցութիւն մը պիտի ունենան քաղաքիս մէջ՝ իրենց որդիներուն հետ։ Անուշ Թրուանց-Սագօ Արեան ամոլին այս այցելութիւնը ունի արտասովոր նշանակութիւն։ Արդարեւ, Երեւանի մէջ բոլորովին վերջերս լոյս տեսած է Սագօ Արեանի գիրքը, որ կը կոչուի «33 ձայն Իսթանպուլէն. ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը»։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, վաղը երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ նախատեսուած է այս գիրքին շնորհանդէսը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Սագօ Արեանի գիրքը նախատեսուած է Երեւանի մէջ՝ յատկապէս պոլսահայութիւնով հետաքրքրուած շրջանակներէն ներս տարածուելու համար։ Յամենայնդէպս, նկատի ունենալով, որ պոլսահայութեան վերաբերեալ գործ մըն է այս մէկը, գիրքը հետաքրքրական կը համարուի նաեւ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Պոլիսէն դուրս պոլսահայութեան վերաբերեալ հրատարակուած գիրք մըն է այս մէկը, որու բովանդակութիւնը ձեւաւորուած է մեր համայնքէն աւելի քան երեք տասնեակ՝ հոգեւոր թէ աշխարհական գործիչներու հետ կատարուած հարցազրոյցներով։ Սագօ Արեան փորձած է այդ զրոյցներու ընդմէջէն ընտրել պատասխաններ, թէ Թուրքիոյ մէջ ինչպէ՞ս կ՚ապրին հայերը, ի՞նչ խնդիրներ կամ մտահոգութիւններ ունին, պատմական Պոլսոյ մէջ ինչպէ՞ս կը պահպանուին հայոց լեզուն ու մշակոյթը եւ ի՞նչ ջանքեր կը գործադրեն տեղւոյն հայերը՝ իրենց ազգային դիմագիծը չկորսնցնելու համար։ Այս եւ նման հարցումներու առանցքներուն շուրջ Սագօ Արեան վարած է իր հարցազրոյցները եւ այդ տեսակէտները համադրուած ձեւով, գիրքի մը ձեւաչափով մատուցել հետաքրքիր ընթերցասէրներու նկատառման։ Հեղինակը փորձած է վաւերական նշանակութեամբ գործ մը արտադրել՝ իր տեսադաշտէն դուրս չթողելով նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերն ու հայ-թրքական երկխօսութեան ոլորտները։ Գիրքին առանձնայատկութիւնը այն է, որ Սագօ Արեան հարցումները դրած է իր առաջնահերթութիւններով, սակայն պատասխանները ներկայացուցած է իր զրուցակից թրքահայերու բանաձեւումներով, ինչ որ այս գործին առանձնայատկութիւնը կը համարուի՝ աշխատաոճի ապահոված խորքով։ Ան մասնաւորապէս  արժեւորած է այն հանգամանքը, թէ «շատ բան տեսած» պոլսահայերու պրիսմակէն ինչպէս կը տեսնուին Հայաստանի անվտանգութեան ու խաղաղութեան մարտահրաւէրները։

Սագօ Արեան, որ երկար տարիներէ ի վեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրն է, Պոլսոյ մէջ ունի բարեկամներու, համակիրներու եւ գործակիցներու լայն շրջանակ մը։ Վաղուան շնորհանդէսը առիթ մը պիտի դառնայ, որ այդ բոլորը համախմբուին հարթակի մը վրայ եւ միասնաբար գնահատեն անոր հրատարակած գիրքը զանազան տեսանկիւններէ։

Հարկ է նշել, որ վաղուան գիրքի գինեձօնը բաց պիտի ըլլայ բոլոր գրասէրներուն համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2022