ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ա­մա­նո­րին ըն­դա­ռաջ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կած է Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կե­ցին այս շնոր­հա­ւո­րա­կա­նին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ.-

Ա­մա­նոր 2016

Մե­ծա­յարգ Տի­կին
Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան
ՀՀ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­հի
Ե­րե­ւան

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ։

Ա­մա­նո­րի եր­ջան­կա­բեր մթնո­լոր­տը ա­ռա­ւել կը գու­նա­ւո­րուի Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին յա­ռա­ջա­ցու­ցած խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ մեր սրտե­րը կը լե­ցուին հո­գե­ւոր կրկնա­կի ու­րա­խու­թեամբ։

Տիե­զե­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է խո­նար­հու­թեան ե­զա­կի եւ անկրկ­նե­լի օ­րի­նա­կը, որ է Աս­տու­ծոյ Խօս­քին մար­դե­ղու­թիւ­նը։ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, երբ խո­նար­համ­տու­թեան մա­սին Փի­լիպ­պե­ցի­նե­րուն կը գրէր, իր տո­ղե­րուն մէջ իբ­րեւ տի­պար կը ներ­կա­յաց­նէր Քրիս­տո­սը, որ իր ան­ձը ու­նայ­նա­ցու­ցած էր ծա­ռա­յի կեր­պա­րանք առ­նե­լով՝ մար­դոց նման ըլ­լա­լով եւ մար­դու կեր­պա­րան­քո­վը Ինք­զինք խո­նար­հեց­նե­լով։ Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որ­դին աշ­խարհ կու գար, չա­րին առ­ջեւ խո­նար­հած մար­դը վերս­տին բարձ­րաց­նե­լու, զայն մեղ­քի կա­պանք­նե­րէն փրկե­լու եւ սա­տա­նա­յին վերջ­նա­կա­նա­պէս յաղ­թե­լու աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Քրիս­տո­սի յաղ­թա­նա­կը կան­խա­գու­շա­կած էր Ե­սա­յի Մար­գա­րէն. «Ա­հա իմ ծա­ռաս յա­ջո­ղու­թիւն պի­տի գտնէ, եւ պի­տի մեծ­նայ ու պի­տի բարձ­րա­նայ ու խիստ պի­տի փա­ռա­ւո­րուի։ …Այն­պէս շատ ազ­գեր պի­տի զար­մաց­նէ, թա­գա­ւոր­նե­րը ա­նոր առ­ջեւ ի­րենց բե­րա-­նը պի­տի գո­ցեն, վասն զի ի­րենց չպատ­մուա­ծը պի­տի տես­նեն, եւ ի­րենց չլսա­ծը պի­տի ի­մա­նան» (5 2.13-15)։

­Տօ­նա­կան օ­րե­րու բա­րե­բաս­տիկ ա­ռի­թով, կը մաղ­թենք եւ կ՚ա­ղօ­թենք, որ Բարձ­րեալն Աս­տուած պար­գե­ւէ Ձե­զի քա­ջա­ռողջ եւ եր­կար կեանք։ Կը շնոր­հա­ւո­րենք նաեւ Ձեր ան­ձին մէջ Նա­խա­րա­րու­թեան ողջ անձ­նա­կազ­մը՝ մաղ­թե­լով բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թիւն եւ կա­րո­ղու­թիւն ի­րենց Աս­տուա­ծա­հա­ճոյ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

Քրիս­տոս ծնաւ եւ յայտ­նե­ցաւ.

Օրհ­նեալ է յայտ­նու­թիւնն Քրիս­տո­սի։

Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան
Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015