ՈՉ ԵՒՍ Է ՓԱՍՔԱԼ ԹԷՕՐԷՆԼԻ

Պոլսահայութիւնը Ամանորի տօնական շրջանին ունեցաւ տխուր կորուստ մը։ Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաշատ կրթական մշակ Փասքալ Թէօրէնլի։ Մխիթարեան վարժարանի յայտնի սաներէն մին էր։ Ան երկար տարիներ ուսուցչագործած էր՝ հասցնելով սերունդներ։ Ուսուցչական իր կոչումը միշտ կը ծառայեցնէր՝ մեր հաւաքական կեանքէն ներս հայերէնի նկատմամբ զգայնութիւնները արծարծուած պահելու համար։ Որպէս կրթական մշակ կը վայելէր յարգանք ու համակրանք։ Կրթադաստիարակչական աշխատանքին առընթեր մասնակցութիւն կը բերէր համայնքի ընկերամշակութային կեանքին, նաեւ կ՚աշխատակցէր մամուլին։

Փասքալ Թէօրէնլի փորձառութիւնը կը ջանար ի սպաս դնել նաեւ պոլսահայ կրթական կեանքի վերելքին։ Երկար ժամանակէ ի վեր բեղուն մասնակցութիւն կը բերէր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կը ցաւակցինք համայն ընտանիքին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019