ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վաղուան ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ։ Մետասաներորդ պահուն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կատարուած միջամտութիւնը արդէն նոր հարթութեան վրայ կը դնէ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը։ Անակնկա՞լ մըն է այս մէկը… Ո՛չ, բնականաբար, անակնկալ մը չէ, որովհետեւ արդէն ամիսներէ ի վեր Պէյօղլուի պարագային թաղային խորհուրդի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կ՚ուղղորդուէին այլանդակութիւններով, որոնք կը կատարուէին այժմու թաղային խորհուրդին եւ անոր կողմէ կազմուած ընտրական մարմնին կողմէ։ Հակառակ որ համայնքէն ներս համատարած պոռթկում ստեղծուած էր, անոնք նկատի չառին այդ տրամադրութիւնները։ Ի վերջոյ, այդ այլանդակութիւնները վաղուան ընտրութեան յետաձգումը անակնկալ մը ըլլալէ կը դադրեցնեն, սակայն, այստեղ, անշուշտ, խնդրոյ առարկայ են արտասովոր իրադարձութիւններ։

Երէկ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղէն Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին հասած է պաշտօնագիր մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդին պաշտօնապէս տեղեկացուած է, որ ընտրական մարմինը դիմած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա. շրջանի բաժանմունքին։ Այդ դիմումին մէջ տեղեկացուած է, որ ընտրական մարմինը այս փուլին ի վիճակի չէ քուէարկութեան ապահով եւ անվտանգ ընթացք մը ապահովելու։ Նշուած է նաեւ, որ ընտրութեան համար առցանց ենթակառուցուածքի ապահովման համար բաւարար ժամանակ չկայ։ Այս բոլորի լոյսին տակ ընտրական մարմինը պահանջած է, որ յետս կոչուի իր առաքելութենէն եւ դադրեցուին իր լիազօրութիւնները։

Այս զգայացունց իրադարձութեան հիման վրայ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղը որոշած է յետաձգել վաղուան ընտրութիւնը ցնոր տնօրինութիւն։ Թաղային խորհուրդին այս մասին տրուած է անհրաժեշտ տեղեկութիւնը եւ թաղային խորհուրդը ներկայ պայմաններով կը շարունակէ պաշտօնավարել նոյն՝ երկու հոգիէ բաղկացեալ կազմով։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ զանազան ընկերային հարթակներու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան այս իրադարձութիւնը կը մեկնաբանէ եւ հանրութեան կը ներկայացնէ՝ որպէս անորոշ ժամանակով եւ հեռանկարներով երեւոյթ։

Ընտրութիւններու յետաձգման կապակցութեամբ երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակեց նաեւ «Aydınlık Gelecek Beyoğlu» խմբաւորումը, որ ընդդիմադիր լուրջ շարժում մըն էր՝ թեկնածութիւն առաջադրած Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար։ Այս խմբաւորումը դրական համարած է ընտրական մարմնին հրաժարումը։ Ընդդիմադիր խմբաւորման յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը պիտի ապահովէ, որպէսզի 30 օրուան ընթացքին ընտրութիւնը իրականանայ եւ քուէարկութիւնը կատարուի արդար ու բարձր մասնակցութեամբ։

«Այս ուղղութեամբ անվերապահօրէն կը վստահինք մեր պետական մարմիններուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր ամփոփ գիծերու մէջ վերյիշուած են այն բոլոր խոչընդոտները, որոնք ընտրական մարմնին կողմէ կը յարուցուէին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ընտրութեան պարագային։

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Aydınlık Gelecek Beyoğlu»  խմբաւորման յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։

*

25 Aralık günü yapılması gereken Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı seçimlerini tertip etmekle sorumlu olan heyet istifa etmiştir. Söz konusu heyet, seçimi tertip etmek bir tarafa seçmenin katılımını ve oy kullanımını zorlaştıran tercihlerde bulunmuş, seçimle ilgili belirsizlikleri seçime 2 gün kalmasına karşın gidermemiştir. Tüm bu olumsuzlukların dışında tertip heyeti seçim güvenliği ile ilgili hiçbir çaba göstermemiştir. Özetle, seçim tertip heyetinin istifasını hayırlı buluyoruz. Vakıflar Genel Müdürlüğü 30 gün içinde seçime gidecek, adaletli ve yüksek katılımlı bir seçim yapılmasını sağlayacaktır. Bu konuda devlet kurumlarımıza güvenimiz tamdır.

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022