ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ

CELTA-ի մասնագէտներէն Ճենի Միլըրի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը։ Դպրոցի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ համախմբեց համայնքային բոլոր վարժարաններէն անգլերէնի եւ հայերէնի խումբ մը ուսուցիչներ։

Աշխատակազմի առաջին բաժնին կրթական մշակները կանգ առին լեզուի մը իւրացման գործընթացին վրայ։ Երկրորդ բաժնին աշխատանքը կեդրոնացաւ աւանդական քերականութեան ուսուցման այլընտրանքներուն վրայ։ Հուսկ, կրթական մշակները ուշադրութեան առարկայ դարձուցին հնչիւնաբանական ուսումնասիրութիւններու վերաբերեալ խնդիրները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024