ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանի հետ։ Զրոյցի տեւողութեան դիւանագէտները հերթական անգամ շնորհաւորութիւններ յղեցին Նորին Ամենապատուութեան առաքելութեան ձեռնարկելուն կապակցութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համատեղ օրակարգի զանազան նիւթերու շուրջ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Սահակ Սարգսեանի եւ Նաղաշ Յակոբեանի հետ։ Այս վերջինները նաեւ անդրադարձան Հայաստանի ներկայացուցչութեան գործունէութեան։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնն ու կարողութեան մաղթանքը հայրենի դիւանագէտներուն։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020