ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԽՆԱՄՔ

Կը տեղեկանանք, որ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ներկայիս դարմանում կը տեսնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրներուն կողմէ երէկ ուշ գիշերին հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութենէն ցաւով վերահասու եղանք, որ ան բժշկական խնամքի տակ կը գտնուի։ Յամենայնդէպս, Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան զուգահեռ՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ երէկ ուշ գիշերին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւնով մը։ Ուշագրաւ է, որ այս երկու հրապարակումներուն մէջ նկատելի են կարգ մը տարբեր երանգներ։

Երէկ գրեթէ կէսգիշերին Պատրիարքարանի աղբիւրները նախ հրապարակեցին թրքերէն հաղորդագրութիւն մը, որու հայերէն թարգմանութիւնը այս առաւօտ հրապարակուեցաւ։ Երէկ գիշերուան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առողջական խնդիրներուն կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտած են շարք մը լսումներ, որոնց վերաբերեալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կատարած է յայտարարութիւն մը։ Այսպէս, ըստ Գումգաբուի հաղորդագրութեան, հայր սուրբը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէ ներս որոշ պարբերութիւնով, կանոնաւոր ձեւով հսկողութեան տակ կը բռնուի՝ այն հիւանդութեան բերումով, որու դարմանումը կը շարունակուի։ Դարմանման տեւողութեան յանձնարարուած դեղը կը մատակարարուի արտասահմանէն։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան գլխաւորութեամբ, մեր համայնքային հաստատութիւններուն եւ բարերարներուն համատեղ նպաստով կ՚ապահովուի դեղօրայքը։ Դեղամիջոցի կիրառման եւ Աստուծոյ օգնութեամբ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան պիտի կարողանայ վերագտնել իր առողջութիւնը։ Պատրիարքարանի դիւանը կոչ ուղղած է, որպէսզի բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացնեն հայր սուրբի առողջութեան համար եւ Տէրը բժշկութիւն շնորհէ իրեն։

Միեւնոյն ժամանակ, Պատրիարքարանը տեղեկացուցած է, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մասնագէտներու տեսակէտներուն, նաեւ հիւանդի ու անհատի իրաւունքներու շրջանակին մէջ՝ Պատրիարքարանը մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահէ հայր սուրբի առողջութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններէն։ Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ խնդրանք ներակայացուած է՝ խուսափիլ ամէն տեսակ անձնական յայտարարութիւններէ, որոնք պատճառ կրնան դառնալ շահարկումներու կամ շշուկներու տարածման։

Հարկ է նշել, որ Պատրիարքարանի այս հաղորդագրութիւնը հրապարակուեցաւ երէկ գրեթէ կէսգիշերին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած յայտարարութենէն անմիջապէս վերջ։ Այսպէս,  ան իր զանազան հաշիւներու էջերուն վրայ զետեղեց թրքերէն հակիրճ լուսաբանութիւն մը։ «Ցաւով ընթերցեցի վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ իմ մասին կատարուած չարաշահումները։ Նախապէս իմ ենթարկուած գործողութիւններէն մէկէն վերջ ալ հիւանդանոց պառկած էի՝ երբ անհրաժեշտ դարձած էր բժշկական աջակցութիւն։ Այս անգամ ալ ինքզինքս տկար զգացի՝ աշխատանքային թափով պայմանաւորուած յոգնութեան եւ անզօրութեան պատճառով եւ հիւանդանոցէ ներս ընթացիկ դարմանում մը կը գործադրուի։ Լրջացում մը չկայ իմ պարագայիս մէջ։ Դարմանման ծախսերու ապահովման աշխատանքներ չկան։ Նման պայմաններու ներքեւ լաւագոյն աջակցութիւնը աղօթելն է։ Շնորհակալ եմ», գրած էր Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ ուշ գիշերին։

Այսպէսով երկու հրապարակումներու մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն կարգ մը տարբեր երանգաւորումներ։ Պատրիարքարանի եւ հայր սուրբի յայտարարութիւններուն մէջ առաջին տարբերութիւնը կը վերաբերի դարմանման դրդապատճառին։ Գումգաբուի աղբիւրները այժմու դարմանման անհրաժեշտութիւնը հիմնաւորած են՝ հայր սուրբի նախապէս ունեցած հիւանդութեան դարմանման շարունակութիւնով։ Իսկ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հիւանդանոց մտնելու հանգամանքին պատճառաբանութիւնը մատուցած է՝ նախորդ պարագայէն անկախ, աշխատանքային թափով պայմանաւորուած յոգնութիւնով եւ անզօրութիւնով։

Երկու յայտարարութիւններու հիմնական տարբերութիւններէն մին ալ կը վերաբերի ծախսերու դիմագրաւման։ Արդարեւ, Գումգաբուի աղբիւրները յայտնած են, որ համայնքային շրջանակներէ ներս համատեղ ներդրումով աջակցութիւն ցոյց կը տրուի՝ արտասահմանէն ապահովուած դեղօրայքին համար։ Իսկ հայր սուրբը դարմանման ծախսերու ապահովման աշխատանքներու վերաբերեալ լուրերը հերքած է իր իսկ յայտարարութեան մէջ։

Այս բոլորի լոյսին տակ, բնականաբար, հիմնական ուշադրութիւնը յայտարարութիւններու բովանդակութեան տարբերութիւններէն անդին՝ կը կեդրոնանայ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առողջութեան վերականգնման վրայ։ Ան ծանր պատասխանատուութիւն եւ կարեւոր դեր ունի Պատրիարքական Աթոռի կառավարման համակարգին մէջ։

Արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին՝ միանալով իր բժշկութեան աղօթքներուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021