ժԱՄԿԷՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ մարտի 12-ին նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ այսօր արդէն անկիւնադարձային փուլ մըն է։ Ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեանց կանոնադրութեան համապատասխան, նախընտրական գործընթացը կը շարունակուի անհրաժեշտ ժամկէտներու մէջ։ Ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը իւրաքանչիւր քայլափոխին ամենայն բծախնդրութեամբ կը վերահսկէ գործընթացը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ երկուշաբթի ընտրական մարմինը գումարեց իր հերթական ժողովը։ Նախընտրական կազմակերպչական աշխատանքները ներկայիս կանոնադրութիւնով նախատեսուած ժամկէտներու մէջ կ՚ընթանան։

Այսօր ընտրողներու ցուցակները արդէն կը հրապարակուին՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս երեք կէտի վրայ։ Այսպէս, ընտրողներու ցուցակները կը կախուին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու շրջափակերէն ներս։ Ընտրական մարմինը վերջին նիստին ժամանակ մանրակրկիտ աշխատանք տարած է համադրելու եւ վերջնական տեսքի բերելու համար ընտրացուցակները։ Այսօրուան հրապարակման զուգահեռ՝ կը սկսի 15 օրուան այն ժամանակաշրջանը, որու տեւողութեան սրբագրութիւններ կամ լրամշակումներ ընել հնարաւոր պիտի ըլլայ ընտրացուցակներուն մէջ։ Ընտրողներու ցուցակներուն կախուած իւրաքանչիւր կէտին վրայ պիտի գտնուի ընտրական մարմնին կողմէ ներկայացուցիչ մը, որ պիտի համակարգէ դիմումները։

Միւս կողմէ, այսօր կը սկսի նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի յաջորդ կազմին մաս կազմելու համար թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտը։ Թեկնածուներու պարագային ալ, ըստ կանոնադրութեամբ նախատեսուած ժամանակացոյցին, երկու շաբթուան պայմանաժամ մը խնդրոյ առարկայ է՝ իրենց դիմումներու ներկայացման համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023