ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր «ԺԱՄԱՆԱԿ 100» մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերուն համատեղ շնորհանդէսը՝ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը այդ ձեռնարկին չէր կրցած մասնակցիլ կամքէ անկախ պատճառներով, որովհետեւ բժշկական քննութենէ մը անցնելու ստիպողութեան տակ կը գտուէր։ Անմիջապէս վերջ ան ուղեւորուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Ֆէրիգիւղի մէջ գտնուելու առիթէն օգտուելով փութաց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի այցելութեան։ Նորոգ հանգուցեալ Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլուի յուղարկաւորութեան մասնակցելէ վերջ ան անցաւ խմբագրատունս, ուր ջերմ զրոյց մը ունեցաւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ նշեց, թէ կը գնահատէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին նախաձեռնութեամբ հրատարակուած գիրքերը եւ ուրախութիւն յայտնեց վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսի արձանագրած յաջողութեան եւ ստեղծած դրական արձագանգին կապակցութեամբ։
Այս այցելութիւնը յատկանշական էր նաեւ այն առումով, որ Նորին Սրբազնութիւնը առաջին անգամ կ՚այցելէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այժմու խմբագրատունը, ուր կատարեց շրջայց մը եւ տեղեկութիւններ քաղեց ընթացիկ աշխատանքին, ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ Ընդհանուր Փոխանորդը ընդգծեց, թէ միշտ կը գնահատէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործունէութիւնը եւ առողջ դատողութիւնը։ Յարատեւութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ ընելէ վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխանցեց իր օրհնութիւնները։