ԱՆԱՐԳԱԿԱՆ ՈՒ ՏԳԵՂ ԱՐԱՐՔ՝ ՊԱԼԱԹԻ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ

Երէկ յետմիջօրէին Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին ենթարկուեցաւ տգեղ եւ անարգական արարքի մը։ Անծանօթ մը եկեղեցւոյ մայր դրան եւ յարակից պատերուն վրայ ներկով գրութիւններ գրի առաւ, նաեւ փորձեց սրբավայրի պատմութեան վերաբերեալ ցուցատախտակը հանել։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդը այս խնդրին շուրջ անմիջապէս դիմում կատարեց ոստիկանութեան։ Թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Արամ Քուրանի դիմումին հիման վրայ կազմուեցաւ պաշտօնական արձանագրութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ թաղային խորհուրդը  համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեց համապատասխան դրուագներ եւ ոստիկանութեան կողմէ կազմուած արձանագրութեան պատճէնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս բոլորը։

Այս իրադարձութիւնը անմիջապէս արձագանգ գտած է նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019