ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը յառաջիկայ տարի՝ 2020 թուականին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ այս յոբելենական շրջանին համար «Մարալ»ի ընտանիքը այժմէն գործի լծուած է։ Ներկայ տարուան ընթացքին ալ այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ։ Համոյթի կազմին մէջ զանազան տարիքային դասաւորումներէ բազմատասնեակ պատանիներ եւ երիտասարդներ ներկայիս կը մարզուին եւ անոնք եւս արտասովոր խանդավառութեամբ կը պատրաստուին յոբելեանին։ Միւենոյն ժամանակ, Կարպիս Չափքան յաջողած է յոբելենական շրջանի նախապատրաստական աշխատանքներուն ներգրաւել հայկական պարի վարպետ պարուսոյցներէն Գագիկ Կարապետեանը։ Երէկ, Էսաեան սանուց միութեան մէջ, Կարպիս Չափքան եւ Գագիկ Կարապետեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին՝ «Մարալ»ի ընթացիկ փորձին զուգահեռ։

Կարպիս Չափքան այս առթիւ տեղեկացուց, որ 31 մարտին Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ միջվարժարանային երրորդ պարի փառատօնը։ Միութեան մէջ նախատեսուած առաջին փուլէն վերջ 5 ապրիլին փառատօնի երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլը նախատեսուած է Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան նոյն սրահին մէջ նախատեսուած է ելոյթ մը։ Իսկ 11 մայիսին «Մարալ» քաղաքիս մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը, որու յայտագրին մասնակից պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանէն Կապի Կալոյեան։

Ի լրումն այս բոլորին, տարեվերջին եւ 2020 թուականին ալ նախատեսուած է երկու մեծ ձեռնարկ, թուականները առայժմ վերջնականօրէն յստակացուած չեն։

Կարպիս Չափքան նշեց, որ իրենք ներքին խոհանոցային առումով յոբելենական շրջանի պատրաստութիւններուն ձեռնարկած էին արդէն 2018 թուականին։

Գագիկ Կարապետեանն ալ ներկայացուց հետաքրքրական դիտարկումներ։ Ան շուրջ երեք շաբաթէ ի վեր քաղաքիս մէջ կը գտնուի՝ վերահսկելու համար «Մարալ»ի յոբելենական նախապատրաստութիւնները։ Մինչ Կարպիս Չափքան ընդգծեց, որ «Մարալ»ի ծրագիրը գրեթէ ամբողջութեամբ թարմացուած է, Գագիկ Կարապետեանն ալ դրուատիքով արտայայտուեցաւ համոյթի գործունէութեան եւ արձանագրած արդիւնքներուն շուրջ։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ հանգամանքի մը վրայ, թէ «Մարալ»ի ապագան կը համար-ւի երաշխաւորուած, որովհետեւ փոքրիկ ու պատանի պարողներու թիւը բաւական բարձր է։

Գագիկ Կարապետեան 1951 թուականին Երեւանի մէջ ծնած է։ Իր ընտանիքը հինգ սերունդէ ի վեր նուիրուած է հայկական պարի։ Հայաստանի Պարի պետական համոյթէն ներս 22 տարի ծառայութիւն մատուցած է։ Երեք տարի եղած է գեղարուեստական ղեկավար։ Ներկայիս կը մարզէ պարուսոյցներ եւ այս զբաղումը իրեն առիթ կ՚ընձեռէ, որպէսզի ամբողջ աշխարհի մէջ ման գայ ու մօտէն հետեւի հայկական պարախումբերու կացութեան։ «Ուր որ կայ հայկական հաւաքականութիւն մը, այնտեղ կան եկեղեցի, դպրոց եւ պար։ Պարի լեզուն երաժշտութիւնն է», յայտնեց Գագիկ Կարապետեան, որ քաղաքիս մէջ կը գտնուի իր կողակցին՝ Այտա Ետիկարեանի հետ։

Երէկուան մթնոլորտէն կարելի է հետեւցնել, որ «Մարալ»ի 40-ամեայ յոբելեանը քաղաքիս մէջ հայկական պարի փառատօնի մը պիտի վերածուի եւ մեր գեղարուեստասէրները տօնական մթնոլորտի մէջ պիտի ըմբոշխնեն համոյթի աշխատանքին արդիւնքը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019