Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Վարդանանց յիշատակի տօնի արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Օրուան պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ մեր հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ, Ղալաթիոյ խնամակալութեան անդամները եւ հաւատացեալներ։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022