ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց մեծահանդէս տօնակատարութիւններու, որոնք տեղի ունեցան Ս. Վարդանանց զօրավարներու յիշատակութեան առթիւ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Նկատի ունենալով, որ Ս. Վարդանանց տօնի օրը կը նշուի նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութիւնը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան համար։ Հուսկ, կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ «վասն համօրէն նահատակաց ու ննջեցելոց ազգիս հայոց»։

Արարողութիւններու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Յովհաննու Աւետարանէն վկայութիւն մը մէջբերելով՝ Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ Տէր Յիսուս Քրիստոս երբ խաչ բարձրացաւ, նոյնիսկ այդ վիճակին մէջ Հայր Աստուծոյ բարեխօսեց նոյնիսկ զինք չարչարողներուն համար։ Ուստի, ան մեկնաբանեց սիրոյ գաղափարն ու մարդ արարածի կեանքէն ներս սիրոյ գործած ազդեցութիւնը։ Ապա ան անդրադարձաւ Վարդանանց պատերազմին։ Այսպէս, քրիստոնէութեան խորհրդանշանը, խաչը, որ պարտութեան նշանն էր, Յիսուսի յարութեամբ դարձաւ մեծագոյն յաղթութեան նշանը։ Աւելի քան 1500 տարիներ առաջ նոյնը պատահեցաւ եւ մեր պապերը Աւարայրի ճակատամարտի օրերուն, հակառակ գիտնալով իրենց ուժով ու զէնքով անզօր ըլլալուն, Աստուծոյ սիրոյն նախայարձակ եղան։ Անոնք թէեւ չարաչար յաղթուեցան, սակայն պահեցին իրենց հաւաստը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սիրոյ սեղան մը սարքեց ի պատիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022