«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԲԱՑՄԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Բան­կալ­թիի եր­բեմ­նի Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի շէն­քը ե­րէկ յետ­վե­րա­նո­րո­գու­թեան պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ որ­պէս «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի նոր կեդ­րո­նա­տե­ղի։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն հա­մար ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուած ծա­նօ­թաց­ման հա­ւա­քոյ­թը ան­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Վե­րա­նո­րո­գեալ այս ար­դիա­կան հա­մա­լի­րը, որ ու­նի 800 քա­ռա­կու­սի մեթր մա­կե­րես, կ՚ընդգր­կէ նաեւ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի նոր խմբագ­րա­տու­նը։

Նախ­կին վար­ժա­րա­նի ա­նուան պահ­պա­նու­մով ստեղծուած է այս ե­ռա­յարկ հա­մա­լի­րը, ո­րու բաց­ման շար­ժա­ռի­թով ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ռա­քել Տինք, վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րէն Սի­պէլ Աս­նա եւ նոյն հիմ­նար­կի ծրագ­րի հա­մա­կար­գող­նե­րէն Նա­յեադ Գա­րա­քէօ­սէ։ Ա­նոնք նոր շէն­քին եւ հիմ­նար­կի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու ա­ռըն­թեր ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նե­ցին հա­ւա­քոյ­թի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ «Ա­կօս»ի հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէն Ե­դուարդ Տան­ձի­կեան։

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի խմբագ­րա­տան ա­ռըն­թեր հա­մա­լի­րը կ՚ընդգր­կէ գրա­դա­րան, եօ­թա­նա­սուն հո­գիի տա­րո­ղու­թեամբ հա­ւաք­նե­րու դահ­լիճ մը, ար­խի­ւի բա­ժին, ժո­ղո­վաս­րահ­ներ, ցու­ցադ­րաս­րահ ե­ւայլն։ Ֆրան­սա­հայ ա­րուես­տա­գէտ Սար­գիս Զա­պու­նեա­նի կող­մէ հիմ­նար­կին նուի­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն ալ որ­պէս զարդ, որ­պէս թան­կա­գին յի­շա­տակ ի ցոյց դրուած է հա­մա­լի­րի մուտ­քին։

Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը շէն­քէն ներս շրջայց մը կա­տա­րե­ցին հիմ­նար­կի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Ա­ւե­լի վերջ, ըն­դու­նե­լու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ջերմ զրոյց մը, մինչ բո­լո­րը «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի եւ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն մաղ­թե­ցին բա­րի վա­յե­լում եւ նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ։

Այս առ­թիւ մենք եւս կը մաղ­թենք, որ մեր պաշ­տօ­նա­կից «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թը շա­րու­նա­կէ իր ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նոր խմբագ­րա­տան յար­կէն ներս։ Յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի աշխատանքներուն համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015