«ՓՈՔՐԻԿ» ԿԱՅՔԷՋԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին խնամակալութեան եւ անոր ատենապետին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեան ներքեւ ծնունդ առած ծրագրի մը առաջին պտուղները ներկայացուեցան դպրոցի աշակերտութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ երեք տարիէ ի վեր համացանցի վրայ տարուած աշխատանքներու շնորհիւ հաստատուած է «Փոքրիկ» մանկապատանեկան կայքէջը։ Այս մէկը Գարակէօզեանի 100-ամեակի շրջանին կեանքի կոչուած կարեւորագոյն ծրագրերէն մին էր, որ անցեալ շրջանին բաւական հասունցաւ ու դարձաւ աղբիւր մը, միջոց մը, որմէ յաւելեալ ձեւով կը սնուի մեր կրթական համակարգը։ Ինչպէս հաղորդած էինք զանազան առիթներով, «Փոքրիկ»ի պատասխանատուները ցայսօր այցելեցին մեր համայնքային նախակրթարանները՝ ծանօթացնելու համար կայքէջն ու անոր բովանդակութիւնը։ Այս այցելութիւններու շարքը երէկ եզրափակուեցաւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։ Թէեւ «Փոքրիկ»ի աշխատանքները անկախացած են վարժարանէն, սակայն կայքէջի պատասխանատուները Գարակէօզեանը կը համարեն հիւրընկալ երդիք՝ մանաւանդ, որ խնամակալութիւնն ու Տիգրան Կիւլմէզկիլ կը շարունակեն իրենց զօրակցութեան առարկայ դարձնել այս կայքէջը։
«Փոքրիկ»ի պատասխանատուները՝ Սելմա Մելեքեան (ընդհանուր համակարգող), Գարօլին Մամիկոնեան, Թալին Կարիպկիւն, Գարօլին Սարը եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու երէկ աշակերտութեան հետ մէկտեղուեցան դպրոցի «Վահան Գարթալլըօղլու» սրահին մէջ։ Այս խումբը արդէն կը կազմէ «Փոքրիկ»ին կորիզը։ Այդ անուններուն վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ Աննա Թուրայը, որ եւս կարեւոր ներդրում մը բերած է այս ծրագրին։ Երէկուան հաւաքոյթին ներկայ էին Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, փոխ-տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլու եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ։ Հանդիսավար Գարօլին Մամիկոնեան աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ «Փոքրիկ»ի պատրաստութեան եւ արտադրութեան մասին։ Սելմա Մելեքեանն ալ եկաւ ամբողջացնել տղոց համապատասխան պատկերացումները։ Աւելի վերջ Թալին Կարիպկիւն եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու նմոյշներ ներկայացուցին այն հէքեաթներէն, որոնք մատչելի են կայքէջին վրայ։ Յայտագրի տեւողութեան կենդանի զրոյց տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ»ի ներկայացուցիչներուն եւ Գարակէօզեանի սաներուն միջեւ։
Հարկ է նշել, որ այս կայքէջի հաստատման առաջին շրջանին 16 հէքեաթներու տեսանիւթեր կային անոր վրայ, իսկ ներկայիս այդ թիւը հասած է 57-ի։