ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան եւ Ար­ման Սրկ. Մա­րաշ­լեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Էտ­վին Սրկ. Կա­լի­պօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Ա­տե­նա­պետ Հա­յա­զատ Կա­զէ­րօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ո­րոնք սե­ղան­նե­րուն շուրջ ու­նե­ցան ան­մի­ջա­կան զրոյց։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017