ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհաւորական մը ուղարկեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ յղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան 60-ամեակի եւ քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորականին մէջ դրուատիքով վերյիշած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս՝ որպէս տեսուչ պաշտօնավարութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ջանքերով ապահովուած արդիւնքները՝ նոր սերունդէ եկեղեցականներու պատրաստութեան նուիրական գործին ուղղութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ այդ աշխատանքին ի գնահատութիւն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ ժամանակ արժանի նկատուած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։ «Ուրախ ենք, որ Բարձրեալի ողորմութեամբ՝ որպէս Պոլսոյ 85-րդ պատրիարք, ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով կը շարունակէք արդիւնաւորել ձեր ջանքերը ի խնդիր Պոլսոյ նուիրապետական Աթոռի հեղինակութեան ամրապնդման եւ պոլսահայ մեր զաւակներու հոգեւոր կեանքի զօրացման։ Կը հայցենք, որ Ամենակալ Տէրը պահէ եւ պահպանէ ձեզ, պարգեւէ քաջառողջ արեւշատութիւն եւ երջանիկ գահակալութեան երկար տարիներ ի պածառութիւն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Առաքելական մեր Ս. Եկեղեցւոյ», եզրափակուած է Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորականը։