ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբէն Լիա Ասաթուր, Արտա Արատ եւ Արաս Պուլկուր վերջերս մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի միջվարժարանային մարմնամարզի նահանգային առաջնութեան։ Մրցաշարքի տեւողութեան անոնք լաւագոյնս ներկայացուցին Շիշլի մարզակումբը։ Առաջնութեան արդիւնքին անոնք նուաճեցին մետայլներ։ Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ «Պուրհան Ֆելեք» մարզական համալիրէն ներս։

Տղոց կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն ստեղծեց ակումբէն ներս՝ մինչ իրենց մարզիչներն ու վարչայիններն ալ ջերմօրէն շնորհաւորեցին տղաքը։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023