ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը, գլխաւորութեամբ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի, շաբաթավերջին պատմական եւ անմոռանալի ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Փարիզ։ Յակոբ Մամիկոնեանի կողմէ գլխաւորուած երգչախումբի շուրջ երկու տասնեակ անդամները շաբաթ երեկոյեան «Կոմիտաս» մենախաղի երգեցողութիւնները կատարեցին Փարիզի «Théâtre du Gymnase Marie Bell» թատերասրահին մէջ։ «Եոլճու» թատերախումբին հետ երգչախումբը երկար ժամանակէ ի վեր կը մասնակցի այս ծրագրին։ Հետեւողական այս ջանքերուն ի շարունակութիւն ներկայիս արդէն արտասահմանի մէջ ներկայացումներ տեղի կ՚ունենան, ինչ որ ցարդ արձանագրուած յաջողութեան արդիւնքը կը նկատուի։ Փարիզի ձեռնարկին շուրջ 650 հանդիսատես հետեւեցաւ։ Երեկոյթի աւարտին թատերասէրները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին թէ՛ «Եոլճու» թատերախումբը եւ թէ Լուսաւորիչ երգչախումբը, որոնք իսկապէս յաջող ելոյթով մը հանդէս եկան։ Ծափահարութիւնները ուրախացուցին թէ՛ թատերախումբը եւ թէ երգչախումբը՝ մանաւանդ, որ հանդիսատեսները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին արուեստագէտներուն նկատմամբ։

Հարկ է նշել, որ նախօրէին «Եոլճու» թատերախումբը «Կոմիտաս» մենախաղը ներկայացուցած էր նաեւ Նիսի մէջ, տեղւոյն «Պարսամեան» հայկական վարժարանի համանուն սրահի երդիքին տակ։

Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ առաւօտ ալ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն Արնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ծաղկազարդի Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Յակոբ Մամիկոնեան եւ սաները սրբազան երգեցողութիւնը փայլուն յաջողութեամբ կատարեցին՝ հոգեւոր անբացատրելի ապրումներ պարգեւելով հաւատացեալներուն, որոնք բերնէ բերան լեցուցած էին եկեղեցին։ Խուռներամ բազմութիւնը բառին բուն իմաստով վերացաւ Լուսաւորիչ երգչախումբի երգեցողութիւններով։

Արէտ Թահմիզեանի կողմէ գլխաւորուած ծխական խորհուրդը Ս. Պատարագի աւարտին յարակից «Հրանդ Տինք» դպրոցի համալիրէն ներս սարքեց նաեւ սիրոյ սեղան մը։ Լուսաւորիչ երգչախումբի անդամները այս փուլին ալ հանդէս եկան աշխարհիկ երգերու փունջով մը, ինչ որ թագն ու պսակը եղաւ Ս. Պատարագի ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտին։ Թէ՛ ներկաները եւ թէ երգչախումբի անդամները խորապէս տպաւորուած էին ստեղծուած մթնոլորտէն։

Այսպէսով, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը աննախընթաց ձեռքբերում մը ունեցաւ՝ իր հիմնադրութեան 95-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Յակոբ Մամիկոնեան եւ սաները արդէն վերադարձած են քաղաքս։ 

 

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024