ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի մարզիկները վերջին օրերուն փայլուն յաջողութիւններ արձանագրեցին Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութեան մէջ եւ իրաւունք շահեցան մասնակցելու Թուրքիոյ ախոյենութեան։ Այսպէս, ակումբի մարզիկներէն Աքսէլ Պէշիրեան հանդիսացաւ Իսթանպուլի առաջինը։ Ալիսիա Գասպարօղլու եւս քաղաքի առաջինը հանդիսացաւ իր դասաւորման մէջ։ Այս երկու մարզիկներն ալ իրաւունք շահեցան մասնակցութիւն բերելու Թուրքիոյ առաջնութեան։ Նոյնպէս Շիշլիի կազմէն Ռինա Չոլաք վազքի եւ ցատկի մէջ հանդիսացաւ Իսթանպուլի չորրորդը։

Յառաջիկայ օրերուն տղաքը պիտի չափեն իրենց կարողութիւնները՝ Թուրքիոյ ախոյենութեան հարթակին վրայ։ Անոնք ներկայիս թափով պարապմունքներ կը կատարեն՝ իրենց մարզիչի հսկողութեան ներքեւ։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024