ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներ։ Ընդհանրապէս Հայաստանէն, նաեւ Սփիւռքէն այս լրագրողներու խումբը քաղաքիս մէջ կը գտնուի հետեւելու համար Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։ Օգտուելով կեցութեան առիթէն՝ մամլոյ սպասաւորները փափաքած են այցելել Պատրիարքարան։
Ընդհանուր Փոխանորդը ջերմ մթնոլորտի մը հիւրընկալեց մամլոյ սպասաւորները՝ ողջունելով անոնց ներկայութիւնը Պատրիարքարանի մէջ։ Ընդուելութեան տեւողութեան Նորին Սրբազնութիւնը պատասխանեց մամլոյ սպասաւորներու բազմաբնոյթ հարցումներուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաժեշտի հանգրուանին մամլոյ սպասաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները։
Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Հարկ է նշել, որ Զէքիեան Գերապայծառ Պատրիարքարան փութացած էր Ս. Զատկի տօնին առթիւ յղելու համար իր շնորհաւորութիւնները։ Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները եղբայրական մթնոլորտի մը կարծիքներ փոխանակեցին՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Բաց աստի, Լիոնէն ժամանած ուխտաւորաց խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Հիւրերը շրջապտոյտ մը կատարելու համար եկած էին Թուրքիա։ Այցելութեանց վերջին հանգրուանը եղած էր Իսթանպուլը։ Անոնք փափաքած էին մօտէն ծանօթանալ Պատրիարքարանին։ Իբր այդ հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան, որմէ ստացան հակիրճ տեղեկութիւններ Պատրիարքարանի եւ Պատրիարքական Աթոռի մասին։
Իսկ Գալիֆորնիա համալսարանէն խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ դասախօս Տէնիըլ Վեհրենֆեննիկի նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ Արամ Արք Աթէշեանի կողմէ։
Խումբին անդամները աշխատանք կը ծաւալեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ծիրէն ներս։ Այս ուղղութեամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ այցելութիւններ կ՚իրականացնեն։ Անոնք Իսթանպուլ կեցութեան օրերէն օգտուելով այցելեցին Պատրիարքարան։ Խումբին հետաքրքրութեան կիզակէտին էր թրքահայ համայնքի պատմութիւնն ու այժմու վիճակը։ Այս շրջագծով Նորին Սրբազնութեան Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ համայնքի պատմութեան վերաբերեալ հարցումներ ուղղեցին։ Ան ալ պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն։