ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Շիշլի մարզակումբը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ ողջունելի հանգրուան մըն է այս մէկը՝ հաշուի առնելով, որ եօթ տասնամեակներէ ի վեր Շիշլի անփոխարինելի ներդրում մը ունեցած է մեր մարզական կեանքէն ներս, եղած է հարազատ երդիք մը մեր երիտասարդութեան համար ու արժանացած՝ համատարած համակրանքի։ Այս բոլոր հանգամանքները կը պայմանաւորեն Շիշլիի 70-ամեակի յոբելենական շրջանին մթնոլորտը։ Մարզասէր շրջանակները բարձր գնահատանքով, յարատեւութեան մաղթանքով ու զօրակցութեան պատրաստակամութեամբ կը համախմբուին այս պատմական ակումբին շուրջ, որ համեստ հնարաւորութիւններով հանդերձ, միշտ յաջողած է մեր նոր սերունդին բազկերակը զգալ։
Շիշլիի 70-ամեակը տօնական տրամադրութեամբ համակեց շաբաթավերջին կազմակերպուած յոբելենական ընթրիքին մասնակիցները։ Էթիլէրի «The GALLIARD» ճաշարանին երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս փայլուն հաւաքոյթը, զոր պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր, որոնք փութացած էին ուրախակից դառնալու Շիշլիի ընտանիքին։ Ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր մասնակիցները, որոնք բարձր տրամադրութեամբ համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններուն շուրջ։
Երեկոյթի յայտագիրը բացուեցաւ ակումբի վարչայիններէն Արթօ Փեհլիվանեանի ողջոյնի խօսքով։ Ներկայացուեցաւ տեսանիւթ մը, որով կը ցոլանային ակումբին պատմութիւնը, անցած ուղին եւ գործունէութեան հիմնական առանցքները։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք արտայայտուեցաւ ակումբի մերօրեայ կացութեան, արդի առաջնահերթութիւններուն եւ անոնց հիման վրայ կառուցուած հեռանկարներուն շուրջ։
Հանդիսութեան վառ հանգրուաններէն մին էր, երբ երեկոյթի պատուոյ հիւրերէն՝ յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեանին հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Ակումբի վարչութեան կողմէ պատրաստուած այդ յուշանուէրը Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ ստացաւ Մոնիք Երկանեան, որուն ուրխակից եղան իր ընտանիքն ու ներկայ ազգայինները։ Այս յուշանուէրը պատրաստուած էր հաշուի առնելով այն հանգամանքը, թէ Մոնիք Երկանեանի բարեյիշատակ հայրը՝ լուսահոգի Գրիգոր Միսաքեան եղած էր Շիշլիի հիմնադիրներէն մին, իսկ ինք ցայսօր կը շարունակէ զօրակցիլ ակումբին։ Այսինքն երախտագիտական կրկնակ հանգամանքներու բերումով պատրաստուած էր այդ յուշանուէրը։ Այս կապակցութեամբ հակիրճ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ Երկանեան, որ յիշողութիւններ փոխանցեց ակումբի հիմնադրութեան շրջանէն՝ հօրը եւ լծակից ընկերներուն ջանքերէն։ Ան ընդգծեց, թէ ակումբի հիմնադիրները միշտ կ՚առաջնորդուէին երիտասարդութեան ուժ տալու, երիտասարդութիւնը խրախուսելու սկզբունքով։
Երեկոյթի տեւողութեան արտայայտուեցան նաեւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Շահնուր Քազանճը, որոնք եւս իրենց համակրանքն ու աջակցութիւնը յայտնեցին Շիշլիի նկատմամբ։
Երեկոյթի մասնակիցները ուրախութեամբ տեղեկացան, որ Շիշլի մարզակումբին վարչութիւնը սերտ համագործակցութիւն մը հաստատած է Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ գլխաւորուած Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան հետ։ Ծանօթ է, որ Գարակէօզեան Տան հարեւանութեամբ, նախկին սանուց միութեան տարածքին վրայ ներկայիս կը կառուցուի նոր համալիր մը, որ պիտի ընդգրկէ նաեւ մարզադահլիճ մը։ Երկու հաստատութիւններու ղեկավարութիւններուն միջեւ արդէն գոյացած է փոխըմբռնում մը, որպէսզի Շիշլի ապագային օգտուի այդ համալիրէն՝ մանաւանդ իր խումբերու մարզման համար։ Բոլոր ներկաները ուրախութիւն յայտնեցին այս հեռանկարին կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Գարակէօզեանի այդ նոր համալիրի կառուցման համար տակաւին կը նախատեսուի առնուազն շուրջ տարուան մը ժամանակաշրջան։
Յոբելենական ընթրիքին ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Այս առթիւ ան բարձր գնահատեց մեր սանուց, մարզական կամ հայրենակցական միութիւններուն գործունէութեան նշանակութիւնը։ Ընդհանուր Փոխանորդը մատնանշեց, որ այդ ցանցը կանգուն պահելու համար համայնքը կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ՝ ինչպէս որ մեր վարժարաններու աշակերտութեան թիւի հարցն ալ ներկայիս վերածուած է լուրջ մարտահրաւէրի մը։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ մեր համայնքը պէտք է ճար մը գտնէ՝ Համահայկական խաղերուն մասնակցելու համար թէ՛ իր տեսակաւորութիւնը ցոլացնելով եւ թէ միասնականութիւնը հարցականի տակ չթողելով։
Յոբելենական ընթրիքին տեւողութեան ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան՝ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։