«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՏԱՆՋՈՒՈՂՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ԿԸ ԴԱՍՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԷՆ»

Ե­րէկ, Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Հա­յոց սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րը յի­շա­տա­կուե­ցան այս ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն մը կա­տա­րուե­ցաւ 1915-ի շրջա­նի բո­լոր զո­հե­րուն հա­մար։

Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Ներ­կայ էին Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Հայր Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆը­րա­տեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Սեւ ծո­վեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան եւ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան՝ ի­րենց տի­կին­նե­րուն հետ։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը՝ հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ա­ռըն­թեր։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան եւ Ար­մե­նակ Սրկ. Գա­զան­ճեան։

Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին հա­յոց սուրբ նա­հա­տակ­նե­րը յի­շա­տա­կուե­ցան՝ բա­րե­խօ­սու­թեան հայ­ցով։ Իսկ Ս. Պա­տա­րա­գին յա­ջոր­դած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նի ըն­թաց­քին առ Աս­տուած ա­ղօթք բարձ­րա­ցուե­ցաւ այն բո­լոր զո­հե­րուն հա­մար, ո­րոնք չեն սրբա­դա­սուած։

Օ­րուան պատ­գա­մին մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, որ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ ցա­ւե­րը կը թե­թեւ­նան՝ ե­թէ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըլ­լայ այդ ցա­ւը բաժ­նել։ Այս տե­սան­կիւ­նէն Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րեց այն հան­գա­ման­քը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ցա­ւա­կից կ՚ըլ­լայ մեր երկ­րի հա­յու­թեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հե­տե­ւու­թիւն­ներ ը­րաւ Տէր Յի­սու­սի խօս­քե­րուն հի­ման վրայ, թէ այս աշ­խար­հը լի է տան­ջանք­նե­րով ու տա­ռա­պանք­նե­րով։ Թէեւ մար­դիկ չեն փա­փա­քիր, որ այդ­պէս կեանք մը ապ­րին, սա­կայն նա­խախ­նա­մա­կան տնօ­րի­նու­թիւ­նը այդ­պէս է։  «Կեան­քի մէջ, մենք ու­զենք կամ ոչ, կան նեղ ու դժուար ճամ­բա­ներ, կան տան­ջանք­ներ, հայ ժո­ղո­վուր­դը տան­ջուող­նե­րու շար­քին ա­ռա­ջին­նե­րէն է», ը­սաւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­ճաշ մը։

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017