«ՅԱՆԿԱՐԾ» ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ
Կը տեղեկանանք, որ «Յանկարծ» թատերախումբը կը պատրաստուի ներկայացումներու յատկանշական շարքի մը։ Այսպէս, թատերախումբը յառաջիկայ շրջանին պիտի ներկայացնէ ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն գործի հիման վրայ խաղ մը՝ «Սիրտս լեռներուն մէջ է» անուանումով։ Ներկայացումներու շարքը նախատեսուած է թրքերէնով՝ Էճէ Էրօղլուի թարգմանութեան հիման վրայ։ Թարա Տեմիրճիօղլու եւ Եղիա Աքկիւն այս ներկայացումներու շարքին բեմադրիչները պիտի հանդիսանան։
Ուիլիըմ Սարոյեանի այս գործը ծանօթ է ինքնութեան եւ պատկանելիութեան նիւթերու վերաբերեալ բազում հարցադրումներով եւ այդ խնդիրներու ինչ-ինչ ծալքերով։
Դերակատարները պիտի ըլլան՝ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, Արթուն Կեպենլիօղլու, Պարէտ Չիլ, Տիանա Չիլինկեարեան, Տիգրան Փեշտեմալճըկիլ, Կարինէ Մարալ Չիզմէճեան, Լարա Նարին, Միրանտա Շահինօղլու, Նշան Շիրինեան, Սեւատա Խաչիկ Տեմիրճի եւ Եղիա Աքկիւն։
Առաջին ներկայացումը նախատեսուած է այս շաբաթավերջին, «Moda Sahnesi»ի երդիքին տակ։
«Յանկարծ» թատերախումբը 2018 թուականէն ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ արժանանալով գեղարուեստասէրներու ուշադրութեան։ Սա անկախ թատերախումբ մըն է, որ հետամուտ է միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել՝ դարերէ ի վեր Իսթանպուլի մէջ ընթացող հայկական գեղարուեստական ու մշակութային կեանքին վրայ։ Թատերախումբը կը հաւատայ, թէ այս ուղղութեամբ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ազատութեան ու զօրակցութեան գիտակցութիւնը։ Դերասանները ամբողջութեամբ թրքահայ համայնքէն երիտասարդներ են, սակայն թեքնիք անձնակազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ լայն հասարակութենէն արուեստագէտներ։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ ներկայացումներու շարքին պիտի օգտագործուին յայտնի խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի կողմէ մշակուած երաժշտութիւններ։
Ցայսօր, ընդհանրապէս, «Յանկարծ» արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսերը, ուստի, կ՚ակնկալուի, որ Ուիլիըմ Սարոյեանի գործի հիման վրայ ստեղծուած բեմագրութիւնն ալ նոր հորիզոն մը պիտի բանայ թատերախումբին առջեւ ու նոր հարթութեան մը վրայ պիտի բարձրացնէ անոր նուաճումները։