ԱՐԱՄԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՕՐԸ
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ տօնական օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներու օրուան առթիւ։ Հոգեգալստեան տօնին օրուան զուգադիպած հաւաքին շրջագծով գատըգիւղցիները նախ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցան թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Այս առթիւ ոգեկոչուեցան վարժարանի հիմնադիրները, նախկին տնօրէնները, կրթական մշակները, վարչայինները, սատարողները եւ անդարձ բաժնուած սաները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի պարտէզին մէջ։ Բացօթեայ սարքուած ճաշասեղաններուն շուրջ կը տիրէր անմիջական մթնոլորտ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, Գատըգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ պատասխանատուներ, դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ հիւրեր։
Արամեանցիներու օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի մանկապարտիզպանուհիներէն Նելլի Պասմաճեանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։ Յայտագրի տեւողութեան վարժարանի սաները հանդէս եկան յաջող ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։ Խումբ մը ուսուցչուհիներ արտասանեցին նախկին տնօրէնուհիներէն Իրմա Աճէմեանի կողմէ հեղինակուած եւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի ձօնուած բանաստեղծութիւնը։
25-ամեակի, 40-ամեակի, 50-ամեակի եւ 60-ամեակի յոբելեար շրջանաւարտները ստացան յուշանուէրներ եւ առարկայ դարձան ներկաներու համակրանքին։ Յայտագրի եզրափակիչ փուլին ուսուցչաց կազմի եւ դպրոցի պատասխանատուները միասնաբար երգեցին Արամեան-Ունճեան վարժարանի քայլերգը։
Շրջանաւարտից օրուան տեւողութեան բոլոր ներկաները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ, մէկ կողմէ վերյիշելով իրենց աշակերտութեան տարիները, իսկ միւս կողմէ ալ գնահատելով Արամեան-Ունճեան վարժարանի այսօրուան նախանձելի կացութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024